Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 9, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ իրենք ոչ ոքի հետ մրցակցելու հոգեբանութեան մէջ կը գտնուին: Ան աւելցուց, որ իրենք տէր կը կանգնին իրենց սահմանադրական իրաւունքներուն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած անտեսումի քաղաքականութեան մասին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ շրջանաւարտ սպաներուն թղթածրարը տեղեկատուութեան մարզին մէջ արծարծելը կրնայ յաւելեալ բարդութիւններ ստեղծել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար շեշտեց, որ ելեկտրականութեան հոսանքի թղթածրարին համար կառավարութիւնը պէտք է արտակարգ նիստ մը գումարէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ապտել Մեժիտ Սալեհ նշեց, որ ըստ երեւոյթին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը խոչընդոտէ շրջանաւարտ սպաներուն աստիճանի բարձրացում շնորհելու նախաձեռնութիւնները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ Կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ամբողջ շրջանը Իսրայէլի հետ հաշտեցնելու նպատակով:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախկին նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի հաստատեց, որ 1994-ի շրջանաւարտ սպաներուն վաստակին համաձայն աստիճանի բարձրացում շնորհելու պաշտօնական շրջաբերականը օրինական է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ շրջանաւարտ սպաներուն աստիճանի բարձրացումի շրջաբերականին հարցը կարելի է լուծել ելեւմուտքի նախարարին ստորագրութեամբ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն նշեց, որ շրջանաւարտ սպաներուն թղթածրարը իրենց համար լուծուած է` նկատի ունենալով, որ անիկա սահմանադրական եւ օրինական բոլոր չափանիշները ամբողջացուցած է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ իրենք մօտիկ ապագային քաղաքական անհատական հոսանքի կարգավիճակէն պիտի վերածուին խորհրդարանին մէջ իր կշիռը ունեցող երեսփոխանական պլոքի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Լիբանան իր համայնքային վարչակարգին շնորհիւ հեռու մնացած է ամէն տեսակի հարցերէ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կը պատրաստուի Իսրայէլի դէմ պատերազմ մը բռնկեցնելու:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Ելեկտրականութեան ընկերութեան աշխատաւորներու նստացոյցի հարցին լուծումը քաղաքականօրէն առնչուած է շրջանաւարտ սպաներու աստիճանի բարձրացումի թղթածրարին լուծման:

ԱՆԿԱԽ Նասըրականներու – Մուրապիթուն շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան շեշտեց, որ շրջանաւարտ սպաներուն աստիճանի բարձրացման տագնապը հետեւանք է համայնքային եւ յարանուանական համակարգ ունենալուն:

 

Նախորդը

Եմէնի Մէջ «Թոռնէյտօ»-է Մը Ետք Վար Առնուած Է Նաեւ «Էֆ-15» Մը

Յաջորդը

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանցիներուն Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Պատրաստուելու

RelatedPosts

Հակառակ Զինադուլի Կոչերուն  Եւ Բանակցութեանց Պատրաստակամութեան.  Իսրայէլ Կ՛աւերէ Լիբանանը Երեք Փուլերով
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Զինադուլի Կոչերուն Եւ Բանակցութեանց Պատրաստակամութեան. Իսրայէլ Կ՛աւերէ Լիբանանը Երեք Փուլերով

March 13, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 13, 2026
Իսրայէլեան Ազդարարութեանց  Եւ Յարձակումներուն Զուգահեռ.  Լիբանանի Վարչամեքենան Զօրաշարժի  Մատնուած Է Բոլոր Ուղղութիւններով
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ազդարարութեանց Եւ Յարձակումներուն Զուգահեռ. Լիբանանի Վարչամեքենան Զօրաշարժի Մատնուած Է Բոլոր Ուղղութիւններով

March 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.