Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Ընդգծեց Երուսաղէմին Եւ Պաղեստինին Զօրակցելու Անհրաժեշտութիւնը

January 4, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ իր ցուցմունքները տուաւ խորհրդարանին շրջակայքը գտնուող մուտքերը բանալու, որպէսզի անցորդները կարենան օգտագործել այդ ճամբաները: Ան կոչ ուղղեց առեւտրական հաստատութիւններուն, ճաշարաններուն, պանդոկներուն ու գրասենեակներուն վերադառնալու եւ վերստանձնելու իրենց աշխատանքները:

Պըրրի նախագահեց նաեւ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ 1994-ի շրջանաւարտ սպաներու աստիճանի բարձրացման թղթածրարը տեղքայլի մէջ է` աւելցնելով, որ պէտք է կառչած մնալ օրէնքներուն, կանոններուն եւ սահմանադրութեան:

Պըրրի ընդգծեց, որ պէտք է լուծել քաղաքացիներուն դիմագրաւած կենցաղային դժուարութիւնները` ելեկտրականութիւն, ջուր եւ բժշկական խնամք մատուցելով անոնց:

Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը եւ անոր ընկերակցող սպաներու պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ իր այցելութիւնը զուտ շնորհաւորական նպատակ ունի:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Եաագուպը, որ մեկնումի պահուն յայտնեց, թէ իր այցելութիւնը արարողակարգային բնոյթ ունի:

Մեկնումի պահուն Եաագուպ շեշտեց, որ լաւատես պէտք է ըլլալ, որպէսզի այդ լաւատեսութեան բարիքները կարելի ըլլայ քաղել:

Նշենք, որ Կազայի մէջ կազմակերպուած Երուսաղէմի զօրակցութեան խորհրդարանական հաւաքին ընթացքին Պըրրի Լիբանանի անունով արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Երուսաղէմը տապալելու փորձը արաբական երկիրներու բոլոր մայրաքաղաքները տապալելու սկիզբը կը նկատուի:

Ան կոչ ուղղեց բոլոր արաբներուն մերժելու Երուսաղէմին վերաբերող ամերիկեան որոշումը եւ մէկ մարդու նման զօրակցելու Պաղեստինին, որովհետեւ բռնագրաւումին դէմ օգտագործուող հզօրագոյն զէնքը միասնականութիւնն է:

Պըրրի մերժեց ամերիկեան որոշումին նկատմամբ ցուցաբերուած արաբական մեղմ կեցուածքները եւ պահանջեց Ուաշինկթընի մէջ արաբական բոլոր դեսպանատուները փակել:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ստանձնեց Նոր Նշանակուած Դեսպաններու Լիազօրագիրները

Յաջորդը

«Թուրքիան Ապտուլլա Կիւլի Կարիքը Ունի» Կ՛ըսէ Փայլան

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.