Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Կոչ Ուղղեց Սպաներու Աստիճանի Բարձրացումին Թղթածրարը Վերադարձնելու Ալի Հասան Խալիլին

January 6, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շեշտեց, որ 1994-ի շրջանաւարտ սպաներու թղթածրարին լուծումը ինք առաջարկած է` աւելցնելով, որ այդ լուծումը կը կայանայ սպաներու աստիճանի բարձրացումին թղթածրարը ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլին յղելու եւ անոր կողմէ ստացուելիք վաւերացումին մէջ:

Իր այցելուներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ այդ հարցը քաղաքական է` աւելցնելով, որ Թաէֆի համաձայնագիրին նպատակը այն է, որ լիբանանեան պետութեան որոշումը այս կամ այն անձնաւորութենէն կախեալ չըլլայ:

Պըրրի շեշտեց, որ համայնքային ճառերն ու համայնքային այս տրամաբանութիւնը զինք երկիւղի չեն մատներ: «Իսկ եթէ ոմանք կը կարծեն, թէ կրնան այդ ձեւով իմ վրաս ազդել, ապա կեցուածքս սկզբունքային է եւ մերժումս հիմնուած է սահմանադրութեան ու Թաէֆի համաձայնագիրին վրայ», ըսաւ ան` շեշտելով, որ ոչ ոք կրնայ զինք սահմանադրական իր իրաւունքներէն զրկել:

Պըրրի նկատել տուաւ, որ սահմանադրութիւնը խախտելու կառչածութեան նպատակն է հարուածել Թաէֆի համաձայնագիրը: Ան նշեց, որ ոմանք կը մերժեն ելեւմուտքի եւ ներքին գործոց նախարարներուն ստորագրութիւնը: «Իսկ արդեօք կը կարծե՞ն, որ մենք մոռցած ենք, թէ իրենք անցեալին մերժած են Թաէֆը եւ անոր դէմ կեցուածք ճշդած», հարց տուաւ խորհրդարանի նախագահը:

Պըրրի վերահաստատեց, որ 1994-ի շրջանաւարտ սպաներուն աստիճանի բարձրացում շնորհելու հարցով ինք ոչ մէկ հարց ունի, եթէ այդ թղթածրարը սահմանադրական իր հունին մէջ մտնէ: Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ ինք բանակին հետ հարց չունի, ընդհակառակն` բոլորէն աւելի յանձնառու կը մնայ բանակին, միւս կողմէ սակայն պահանջելով սահմանադրութեան գործադրութիւնը:

Նախորդը

Մաշնուք Ողջունեց Ապահովութեան Ուժերուն Ջանքերը

Յաջորդը

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Իր Յղած Նամակին Մէջ.  Թրամփ. «Կը Հիանամ Ներկայ Փուլին Լիբանանի  Ձեր Վճռական Ղեկավարութեամբ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունին Իր Յղած Նամակին Մէջ. Թրամփ. «Կը Հիանամ Ներկայ Փուլին Լիբանանի Ձեր Վճռական Ղեկավարութեամբ»

September 23, 2026
Նիւ Եորքի Մէջ Սալամի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Էրտողան. «Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Այլընտրանքը  Եղող Միջազգային Նախաձեռնութեան Մը Կարիքը Կայ»
Լիբանանեան

Նիւ Եորքի Մէջ Սալամի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Էրտողան. «Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Այլընտրանքը Եղող Միջազգային Նախաձեռնութեան Մը Կարիքը Կայ»

September 23, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Բանակցութիւններուն,  Եթէ Աստիճանական Կամ Ամբողջական  Հեռացման Յանգեցնեն»
Լիբանանեան

Այցելելով Նախագահ Աունին` Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Բանակցութիւններուն, Եթէ Աստիճանական Կամ Ամբողջական Հեռացման Յանգեցնեն»

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.