Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 5, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Եաագուպը: Քննարկուեցան լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւններն ու շրջանային զարգացումները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր շեշտեց, որ սահմանադրութեան կառչածութիւնը կը կազմէ յաջորդ փուլին խորագիրը:

ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ընկերութեան սարակները երէկ առաւօտեան նստացոյց մը կատարեցին Ելեկտրականութեան ընկերութեան դիմաց եւ ժամանակաւորապէս փակեցին ճամբաները: Սարակներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ իրենք կ՛աշխատին միջազգային վարկ մը ձեռք ձգել` Ղատիր գետի ապականումը չէզոքացնելու համար:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքացիութիւն ստացած քաղաքայիններ պիտի մասնակցին 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ փոփոխութեան պիտի ենթարկեն երկրին ժողովրդագրական ինքնութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի տակաւին ոչ մէկ առաջարկ ներկայացուցած է Այն Թինէին` շրջանաւարտ սպաներու թղթածրարին լուծում գտնելու իմաստով:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի եպիսկոպոսական խորհուրդի նախագահ Հաննա Ռահմէ յայտնեց, որ Պքերքէի համար կրթութիւնը կենաց մահու հարց է` հաստատելով, որ որեւէ դպրոցի փակում կը նշանակէ Լիբանանի մշակութային դիմագիծի փոփոխութիւն: Ռահմէ պահանջեց մինչեւ 15 տարեկան լիբանանցի քաղաքացիներուն ձրի ուսում ջամբել` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը կարողութիւն ունի նիւթական նման օժանդակութիւն կատարելու:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ երեսփոխանական յաջորդ ընտրութիւնները երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու կարեւոր փուլ մըն է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԷ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ շրջանաւարտ սպաներուն թղթածրարին լուծում գտնելու:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ այցելած է վարչապետ Սաատ Հարիրիին եւ անոր հետ քննարկած է շրջանաւարտ սպաներու թղթածրարին լուծման միջոցները:

 

Նախորդը

Իրանի Հայ Համայնքը Քաղաքական Իրավիճակի Կայունացման Կողմնակից Է

Յաջորդը

2018 Երիտասարդութեան Հայկականացման Տարի

RelatedPosts

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին  Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու»  Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու» Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը

Յուլիս 15, 2025
Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ  Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար  Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման

Յուլիս 15, 2025
Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ  Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց  Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ  Շարունակելու Կարելիութիւնը»
Լիբանանեան

Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ Շարունակելու Կարելիութիւնը»

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?