Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժահժահ. «Սէյիտ Նասրալլա Կը Խօսի Եւ Կը Վարուի Այնպէս, Որ Կարծէք Լիբանանեան Պետութիւն Գոյութիւն Չունի»

Յունուար 5, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ նախանցեալ օր Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հարցազրոյցին եւ անոր ընթացքին վերջինիս կատարած յայտարարութիւններուն:

Ժահժահ նշեց, որ իրեն համար ուշագրաւ եղած է այն իրողութիւնը, որ սէյիտ Նասրալլա կը խօսի եւ կը վարուի այնպէս, որ կարծէք լիբանանեան պետութիւն գոյութիւն չունի:

Ժահժահ շեշտեց, որ բոլորին համար յստակ է, թէ սէյիտ Նասրալլա ի՛նչ կողմերու հետ կը խորհրդակցի եւ կը գործակցի, ինչպէս նաեւ կ՛անդրադառնայ զինուորական եւ ռազմավարական հարցերու, որոնք երկրին գերիշխանութեան կը վերաբերին, եւ անոնց մասին խօսիլը միայն լիբանանեան պետութեան իրաւասութիւնն է:

Ժահժահ յայտնեց, որ Իսրայէլին դիմադրելու պարտականութիւնը լիբանանեան բանակին պարտականութիւնն է` աւելցնելով, որ սէյիտ Նասրալլան չէ, որ պիտի որոշէ պաշտպանութեան կամ յարձակումի ծրագիրը` իւրաքանչիւրին վստահելով պատասխանատուութիւն մը:

«Սէյիտ Նասրալլա Լիբանանի գերիշխանութեան տէրն ու տիրականը չէ, այլ այդ իրաւունքը կը վերաբերի լիբանանցի ժողովուրդին բոլոր ներկայացուցիչներուն», ընդգծեց Ժահժահ:

 

Նախորդը

2018 Երիտասարդութեան Հայկականացման Տարի

Յաջորդը

Ապպաս Իպրահիմ Մարոթթիի Հետ Քննարկեց Գործակցութեան Ամրապնդման Հեռանկարները

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?