«Լիբանան Ձմեռնային Զբօսաշրջութիւն Ունեցող Կարեւորագոյն Երկիրներէն Է» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան
Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ այցելեց Քֆարտըպիանի չմշկուղիները եւ ձմեռնային զբօսաշրջութեան եղանակի բացումը կատարեց: Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ այս շրջանը կարեւոր է եւ ժողովրդային` աւելցնելով, որ անիկա քաղաքապետարանին եւ սեփական մարզին ներդրումներուն շնորհիւ դարձած է ձմեռնային զբօսաշրջութեան կարեւոր կեդրոն մը, որուն մասին ամբողջ աշխարհը տեղեակ պէտք է պահել: Ան հաստատեց, որ շրջանին մէջ Լիբանան ձմեռնային զբօսաշրջութիւն ունեցող կարեւորագոյն երկիրներէն է`...



















