Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էլիաս Պու Սաապ. «Պաապտայի Եւ Այն Թինէի Միջեւ Խորհրդակցութիւնները Պէտք Է Վերականգնել»

January 29, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի խորհրդատու Էլիաս Պու Սաապ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան բարոյական սկզբունքները չեն արտօներ, որ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին լրատուութեան մուտքի բաժինը ընդգրկէր այն բառամթերքը, որ սփռուած էր շաբաթ երեկոյեան:

Պու Սաապ շեշտեց, որ շրջանաւարտ սպաներու թղթածրարին գծով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ տարակարծութիւններ կան, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ «Օ. Թի. Վի.» եւ «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանները, ինչպէս նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Ամալ շարժումի հետեւորդներն ու համակիրները մնայուն բանավէճի եւ ցեխարձակումներու ընթացքի մէջ պիտի ըլլան:

Ան շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդին կողմէ համաձայնութիւն գոյացած է կուսակցութեան տեղեկատուական միջոցներուն միջեւ աշխատանքը համադրելու` տեղեկատուութիւնը պահելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական ուղեգիծին եւ սկզբունքներուն սահմաններուն մէջ:

Պու Սաապ շեշտեց, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հաստատած է, որ ինք յանձնառու պիտի մնայ օրինական որեւէ կարծիքի` աւելցնելով, որ ինք նախագահ Աունի խօսքին կը հետեւի:

Ան հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Պըրրիի միջեւ խորհրդակցութիւնները պէտք է վերականգնել` աւելցնելով, որ Պաապտայի եւ Այն Թինէի միջեւ մերձեցում կատարելու նպատակով Հըզպալլայի կողմէ առաջադրուած նախաձեռնութենէն ինք տեղեակ չէ:

Ան նկատել տուաւ, որ ինք համաձայն է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի այն կեցուածքին, թէ սահմանադրական եւ օրինական հարցերու մեկնաբանութիւններուն պարագային պէտք է դիմել համապատասխան հեղինակութիւններուն` նշելով, որ այս իմաստով նախագահ Աուն դիմած է դատական իշխանութիւններուն:

 

Նախորդը

Վաչէ Նաճարեան Վերընտրուեցաւ Լիբանանի Սկաուտական Ֆետերասիոնի Անդամ

Յաջորդը

«Լիբանան Ձմեռնային Զբօսաշրջութիւն Ունեցող Կարեւորագոյն Երկիրներէն Է» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.