Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրին վարչապետարանին մէջ նախագահեց ընտրական օրէնքի գործադրութեան նախարարական յատուկ յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նախարարներ Նուհատ Մաշնուք, Ալի Հասան Խալիլ, Ժըպրան Պասիլ, Մոհամետ Ֆընէյշ, Ալի Քանսօ, Թալալ Արսլան, Փիեռ Ապու Ասի, Եուսեֆ Ֆընիանոս, Այման Շուքէյր եւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆել:
Նիստէն ետք Մաշնուք յայտնեց, որ ինք միշտ փորձած է ներքին գործոց նախարարութիւնը չէզոք պահել քաղաքական ուժերուն տարակարծութիւններէն:
Մաշնուք հաստատեց, որ ինք հպարտ է ընտրական օրէնքին մէջ նկատի առնուած բարեկարգումներով` հաստատելով, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ճիգերը` յատկապէս արտերկրի լիբանանցիներուն երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը ապահովելու իմաստով, ակներեւ են: «Սակայն գործնական գետնի վրայ արդէն իսկ անկարելի է բարեկարգումներ կատարել` նկատի ունենալով, որ այդ բարեկարգումները կատարելը կ՛ենթադրէ օրէնքի փոփոխութիւն, որ սահմանադրական իր երկարատեւ հոլովոյթը ունի», ըսաւ ան:
Մաշնուք հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ ընտրութիւններուն մասին որեւէ այլ յայտարարութիւն կամ մեկնաբանութիւն մերժելի է:
Նիստէն մեկնումի պահուն Պասիլ շեշտեց, որ երրորդ անգամ ըլլալով ձախողած է երեսփոխանական ընտրութիւններու բարեկարգումները իրագործել` աւելցնելով, որ իրեն հետ ձախողած են նաեւ լիբանանցիները:
Արսլան իր կարգին հաստատեց, որ իրենք ձգձգելու քաղաքականութեան եւ մթնոլորտին պատճառով այս աստիճանի հասած են:
Քանսօ շեշտեց, որ առաջնահերթութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելն է:
Ֆընէյշ ըսաւ, որ նախարարական յանձնախումբի այս նիստը վերջինն էր` աւելցնելով, որ լիբանանցիները կ՛ուղղուին դէպի ընտրութիւններ:
Իսկ Ալի հասան Խալիլ, պատասխանելով պետական ամավարկին մասին լրագրողներու հարցումներուն, հաստատեց, որ թեքնիք ոչ մէկ պատճառ կ՛արգիլէ, որ կառավարութեան քննարկելիք օրակարգին վրայ նկատի առնուի 2018-ի պետական ամավարկը:



