Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 27, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու խորհրդական Միրոսլաւ Ճենքան, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գործունէութեան վերաբերող հարցեր:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ ՏԱՀԵՇ-ը հիմնելու նպատակն էր քայքայել Միջին Արեւելքը եւ տիրել անոր:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի Լիբանանի մէջ Մեքսիքոյի դեսպանին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս զոյգ երկիրներուն դատական իշխանութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ թուիթըրեան իր հաշիւին ընդմէջէն կատարեց գրառում մը, որուն մէջ ողջունեց Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասը, որ մերժած էր ընդունիլ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան, իրաւաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել շեշտեց, որ ընդհանուր ներում պահանջելու օրակարգը քաղաքական-ընտրական բնոյթ ունի` աւելցնելով, որ անիկա կը ծառայէ քաղաքական բոլոր ուժերուն շահերուն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին ընդհանուր ներման օրէնքին` աւելցնելով սակայն, որ տակաւին այդ օրակարգը գործնական մակարդակի չէ հասած:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն հաստատեց, որ ընտրական նոր օրէնքին հիման վրայ տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւնները բծախնդրօրէն պէտք է կատարուին` աւելցնելով նաեւ, որ քուէարկութեան դրութիւնը շատ դիւրին պիտի ըլլայ քաղաքացիներուն համար:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի հաստատեց, որ ինք չի զօրակցիր առանց արդարացումի շնորհուած ներումին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ հաստատեց, որ խորհրդարանին մէջ պէտք է ըլլայ երեսփոխանական պլոք մը, որ ընդդիմութիւնը կը ներկայացնէ:

ՍԵՓԱԿԱՆ դպրոցներու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքայի նախկին նախագահ Նաամէ Մահֆուտ հաստատեց, որ կրթութեան նախարարութիւնը պէտք է լուծէ այդ դպրոցներու ուսուցիչներուն եւ ծնողական խորհուրդներուն միջեւ տարակարծութիւնները:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ամալ շարժումը պիտի մերժէ Պէյրութի մէջ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ գործակցիլ շիի ներկայացուցիչին գծով, սակայն Սայտա-Ժեզզին ընտրաշրջանին մէջ մեծ կարելիութիւն կայ, որ Ամալ շարժումը գործակցի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ:

 

Նախորդը

Էրտողան. «Աֆրինէն Ետք Պիտի Ուղղուինք Մընպեժ, Ապա Դէպի Հիւսիսային Իրաքի Սահման»

Յաջորդը

Մեթնի Մէջ Թմրեցուցիչի Գլխաւոր Մաքսանենգ Մը Ձերբակալուեցաւ

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.