Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պէյրութ Լաւ Վիճակի Մէջ Է Եւ Կը Պահպանէ Իր Արաբական Ինքնութիւնն Ու Դիմագիծը» Շեշտեց Նուհատ Մաշնուք

January 29, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ ներկայ գտնուեցաւ Ռաս Նապեհի մէջ Լեռնալիբանանի նահանգապետ, դատախազ Մոհամետ Մաքքաուին մեծարելու առիթով կազմակերպուած նախաճաշին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպ, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ ընկերային բնագաւառներու պատասխանատուներ, հոգեւորականներ եւ զինուորականներ:

Այս առիթով Մաշնուք շեշտեց, որ Պէյրութի նկատմամբ եղած անիրաւութեան մասին կատարուող յայտարարութիւնները չափազանցուած են` աւելցնելով, որ այս ձեռնարկը փաստ մըն է, որ Պէյրութ լաւ վիճակի մէջ է, եւ ան լիբանանցիները համախմբող մայրաքաղաքն է, որ գոյատեւած է ու կը շարունակէ տոկալ բոլոր անիրաւութիւններուն դէմ` պահելով իր արաբական ինքնութիւնն ու դիմագիծը:

Ան աւելցուց, որ Հըզպալլայի զէնքը ապօրինի է, երբ անիկա Իսրայէլին դիմադրելու ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութենէն դուրս կը գործէ:

Մաշնուք շեշտեց, որ Լիբանան ժողովրդավարական վարչակարգի հիման վրայ կը գործէ` հաստատելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները 6 մայիսին պիտի կատարուին:

Այս առումով Մաշնուք աւելցուց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ընտրական ցանկերը տակաւին ամբողջացած չեն` ընդգծելով սակայն, որ անոնք մօտիկ ապագային պիտի ամբողջանան եւ յայտարարուին ամբողջ Լիբանանի տարածքին:

Մաշնուք դրուատիքով անդրադարձաւ հանրապետութեան միւֆթիին դերակատարութեան` շեշտելով, որ վարչապետի հրաժարականին ժամանակ ան կրցած է պահպանել Լիբանանն ու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը` պաշտպանելով նաեւ երկրին Գ. իշխանութիւնը:

Միւս կողմէ, Մաշնուք հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ Սայտայի մէջ պայթումը գործելու իմաստով արաբական գաղտնի սպասարկութիւններու հասցէին ուղղուած ամբաստանութիւնը անտեղի է ու անճիշդ:

Ան հաստատեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը կրցած է ամբողջական բնագիրը կազմել Սայտայի մէջ Համասի պատասխանատուներէն մէկուն դէմ գործուած մահափորձին:

 

Նախորդը

Պքերքէի Մէջ . «Ոչ Ոք Իրաւունք Ունի Ազգային Որոշումը Իւրացնելու Եւ Զայն Բոլորին Պարտադրելու» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Յաջորդը

Վաչէ Նաճարեան Վերընտրուեցաւ Լիբանանի Սկաուտական Ֆետերասիոնի Անդամ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.