Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նայիմ Քասեմ. «Հըզպալլա Լիբանանեան Պետութեան Սիւներէն Է Եւ Ընտրութիւններուն Կապուած Որեւէ Արդիւնք Մեզի Գոհունակութիւն Կը Պատճառէ»

January 27, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ մեկնարկը կատարեց Հըզպալլայի ընտրամեքենայի աշխատանքներուն` հաստատելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կարեւորութիւնը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, որ անոնք շատ նուրբ են ու զգայուն եւ անոնց շնորհիւ է, որ կարելի պիտի ըլլայ կազմել նոր իշխանութիւնը:

Քասեմ ընդգծեց, որ ընտրական օրէնքը ինքնին նուաճում մըն է, որ տեսակարար ոստում մը կը նկատուի` մշակուած բազմաթիւ ընտրական օրինագիծերուն մէջ:

Ան բարձր գնահատեց ընտրական օրէնքի համամասնական դրութիւնը` շեշտելով, որ ան արդար ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ բոլորին:

Քասեմ նկատել տուաւ, որ անիմաստ է քննարկել, թէ ընտրական այս օրէնքը լաւագոյն եւ օրինակելի օրէնքն է` աւելցնելով, որ անիկա այլ օրէնքներէ շատ աւելի լաւ է եւ պէտք է զայն գործադրել` երեսփոխանական  ընտրութիւնները յաջողցնելով:

«Հըզպալլա լիբանանեան պետութեան սիւներէն է, եւ անոր շնորհիւ կարելի եղած է երկրին ներքին քաղաքական եւ ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորել: Իսկ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կապուած որեւէ արդիւնք մեզի գոհունակութիւն կը պատճառէ, որովհետեւ ոչ մէկ ձգտում ունինք հարիւր առ հարիւր ներկայացուցչութեան», ըսաւ Քասեմ:

Ան կոչ ուղղեց բոլորին խիտ շարքերով մասնակցելու ընտրութիւններուն` ուղղուելով դէպի քուէարկութեան կեդրոններ:

Նախորդը

Մեթնի Մէջ Թմրեցուցիչի Գլխաւոր Մաքսանենգ Մը Ձերբակալուեցաւ

Յաջորդը

Ռիաշի. «Աուտէ Եպիսկոպոսը Տեղեակ Պահեցի Մուսթաքպալ Հոսանքի Եւ Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Հետ Բանակցութիւններուն Մասին»

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.