Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի խորհրդարանի Լիբանան-Հայաստան բարեկամութեան յանձնախումբի անդամներ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ երեսփոխաններ Արթիւր Նազարեանի, Սերժ Թուրսարգիսեանի եւ Ալի Պեզզիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին դեսպան Մկրտչեան ներկայացուց Հայաստանի ներքին քաղաքական զարգացումները, որոնց շրջագիծին մէջ նոր սահմանադրութեան հիման վրայ խորհրդարանական կառավարման համակարգի անցնելու քայլերը:
Հանդիպումին ընդգծուեցան Լիբանանի եւ Հայաստանի խորհրդարաններուն միջեւ համագործակցութիւնը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնն ու այդ նպատակով նոր միջոցներ ու ձեւաչափեր գտնելու կարեւորութիւնը:
Խորհրդարանական դիւանագիտութեան յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն պաշտպանութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով:
Իրենց կարգին, Լիբանան-Հայաստան բարեկամութեան յանձնախումբի անդամները ներկայացուցին Լիբանանի մէջ կատարուելիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստական աշխատանքները եւ այդ ընտրութիւնները յաջող կերպով կատարելու նախապայմանները:



