Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի տեղակալ Պըրնելլա Տէյլըր Քարտելը` ներկայութեամբ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու խորհրդական Միրոսլաւ Ինքայի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Պըրրի ընդունեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական իրավիճակը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիեշը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Միւս կողմէ, «Ախպար» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ամալ շարժումի պատասխանատուներէն, գրած է, թէ օրեր առաջ Պըրրի Ամալ շարժումի պատասխանատուներուն հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտած է, որ Հըզպալլայի հետ ընտրական դաշինքը կը պաշտպանէ թէ՛ Ամալը եւ թէ՛ Հըզպալլան` ներկայիս եւ ապագային:
Պըրրի հաստատած է, որ անիկա պարզապէս ընտրական դաշինք չէ, այլ ամբողջական դաշինք` աւելցնելով, որ պատասխանատուները բարձր մակարդակի գործակցութիւն պէտք է ունենան Հըզպալլայի հետ:
Պըրրի շեշտած է նաեւ, որ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումին միջեւ դաշինքն ու գործակցութիւնը կը պահպանեն Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ կը պաշտպանեն երկիրը:



