Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Ողջունեց Իշխանութեան Երեք Պետերուն Պաապտայի Հանդիպումը

February 8, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին:

Խորհուրդի նիստէն հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը ողջունեց Պաապտայի մէջ իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը եւ անոր լոյսին տակ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը նշեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւէրով տեղի ունեցած հանդիպումը, որուն ներկայ էին նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրին, մուտք մըն էր գիտակցելու յառաջիկայ փուլին սպառնացող վտանգներուն:

Խորհուրդը հաստատեց, որ կողմերուն միջեւ  քաղաքական տարակարծութիւնները իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան երկրին տնտեսական, ապահովական, ելեւմտական եւ ընկերային կայունութեան:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը իր զօրակցութիւնը յայտնեց այն պետութիւններուն, որոնք շրջանային եւ միջազգային գետնի վրայ կը մերժեն Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի սահմանին վրայ քարէ պատնէշի կառուցումը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան նաւթային հարստութեան նկատմամբ անոր մնայուն սպառնալիքները, որոնք ցոյց կու տան Լիբանանի իրաւունքները իւրացնելու Իսրայէլի  ախորժակները:

Խորհուրդը անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն հաստատեց, որ երկրին քաղաքական պատասխանատուները պէտք է քաղաքացիներուն բացատրեն ընտրական նոր օրէնքը, իսկ երեսփոխանական ընտրութեան իրենց թեկնածութիւնը առաջադրող թեկնածուները ժողովուրդին պէտք է ներկայացնեն իրենց քաղաքական ծրագիրները, որոնց հիման վրայ պէտք է երաշխաւորուին քաղաքացիին իրաւունքները, արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին ժողովրդավարութիւնը պահպանելու յանձնառութիւնը:

Խորհուրդին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այդ ծրագիրներուն հիման վրայ է, որ քաղաքացիները պէտք է ընտրեն համապատասխան թեկնածուն:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը դատապարտեց փտածութիւնը եւ կոչ ուղղեց երկրին քաղաքական իշխանութեան` իրականացնելու բոլոր քաղաքացիներուն պահանջները եւ երաշխաւորելու անոնց տարրական ապրուստի իրաւունքները:

Մար Մարունի տօնին առիթով Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ կոչ ուղղեց անոնց ըլլալու միասնական ու հաշտ, ինչպէս նաեւ գործելու եղբայրաբար:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Բանբերը Մեկնաբանած Է Ազրպէյճանի Մէջ Արտակարգ Նախագահական Ընտրութեան Հարցը

Յաջորդը

Սաթըրֆիլտ Կ՛այցելէ Պասիլի, Իսկ Թիլըրսըն 15 Փետրուարին Կը Հասնի Լիբանան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.