Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանով Մոսկուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Պըրնելլա Տէյլըր Քարտելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Պոկտանով եւ Քարտել քննարկած են Լիբանանը յուզող շարք մը հարցեր եւ ընդգծած Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:
Պոկտանով եւ Քարտել հաստատեցին նաեւ լիբանանեան գերիշխանութիւնը պահպանող միջազգային որոշումներու գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը:


