Արամ Անանեան Եւ Լոր Սլէյման Քննարկեցին Գործակցութեան Համաձայնագիր Մը Ստորագրելու Հեռանկարները
«Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան, որ աշխատանքային պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Լիբանան, երէկ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային լրատու գործակալութեան տնօրէն Լոր Սլէյմանի հետ: Հանդիպումէն ետք դեսպան Մկրտչեան յայտնեց, որ միջազգային խորհրդաժողովներու մասնակցութեան շրջագիծին մէջ Սլէյմանի հետ իրենց հանդիպումները յաճախակի եղած են` աւելցնելով սակայն, որ այս այցելութիւնը սկիզբը պիտի ըլլայ «Արմէնփրես»-ի եւ...



















