Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին վերահաստատեց Պաապտայի մէջ նախանցեալ օրուան հանդիպումին դրական եւ արդիւնաւէտ ըլլալուն իրականութիւնը:
Պըրրի գնահատեց նախագահական պալատին մէջ իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ կատարուած հանդիպումին ընթացքին տրուած որոշումները:
Պըրրի ընդգծեց, որ իսրայէլեան սպառնալիքներուն դէմ լիբանանեան կեցուածքը միասնական է, ըլլայ ան սահմանային պատին թէ բնական կազին կամ նաւթի հարստութեան պարագային:
Պըրրի ընդգծեց Փարիզի խորհրդաժողովին ազգային յստակ եւ միացեալ տեսլականով մասնակցելու կարեւորութիւնը: Ան նաեւ նշեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնն ու խորհրդարանը պէտք է սերտած ըլլան այդ խորհրդաժողովին ընթացքին ներկայացուելիք ծրագիրները, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ իմաստով նիւթական եւ տնտեսական արդիւնքներ ապահովել:
Լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն օժանդակութեան միտող «Հռոմ 1» խորհրդաժողովին մասին Պըրրի ըսաւ, որ կայ լիբանանեան միացեալ կեցուածք մը` այդ խորհրդաժողովը անպայման յաջողցնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան բանակին կարողութիւնները ամրապնդել եւ դէմ դնել իսրայէլեան մարտահրաւէրներուն եւ սպառնալիքներուն:
Պըրրի շեշտեց, որ պէտք է արագացնել 2018-ի պետական ամավարկի ուսումնասիրութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ անոր վաւերացումը` նախքան երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը:
Նշենք, որ Պըրրի կէսօրէ ետք ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:



