Կառավարութիւնը հինգշաբթի, 8 փետրուարին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:
Նախքան նիստին գումարուիլը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը:
Կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին քննարկեց 93 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, թէ Լիբանանի մէջ վերջին շրջանին արձանագրուած իրավիճակը արտակարգ իրավիճակ մըն էր, որուն լուծումը ապահովուեցաւ:
Ան ընդգծեց, որ երկրին քաղաքական բոլոր ուժերը հրաւիրուած են պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը աշխուժացնելու` հիմնուելով սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն վրայ:
Նախագահ Աուն ըսաւ, որ իր այս յայտարարութիւնը կը վերաբերի թէ՛ անձամբ իրեն, թէ՛ նախարարներուն, թէ՛ երեսփոխաններուն եւ պետական կառոյցներուն մէջ աշխատող բոլոր պաշտօնեաներուն:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան միջազգային հեղինակութիւններու հետ կապեր կը հաստատէ` դէմ դնելու համար իսրայէլեան ախորժակներուն, որոնք կը վերաբերին Լիբանանի ցամաքային եւ ծովային սահմաններուն:
Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց օր մը առաջ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին տուած որոշումը` իսրայէլեան որեւէ յարձակումի դիմադրելու եւ լիբանանեան գերիշխանութիւնն ու ազգային արժանապատուութիւնը պաշտպանելու իմաստով:
Ան խոստացաւ գումարել նախարարաց խորհուրդի նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին կրթական բնագաւառին պահանջները, ինչպէս նաեւ հաստատեց 2018-ի պետական ամավարկը վաւերացնելու կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ ինչ ալ ըլլան լիբանանեան ներքին քաղաքական տարակարծութիւնները, լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը միասնականութեամբ կը դիմադրեն իսրայէլեան մարտահրաւէրներուն:
«Իսրայէլի կողմէ սահմանին վրայ քարէ պատնէշի կառուցման աշխատանքները կասեցնելու եւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող 9-րդ նաւթահորի իւրացման վերջ տալու իմաստով Լիբանանի պահանջներուն ընդառաջում կայ», ըսաւ վարչապետ Հարիրի:
Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար, ընկերային հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի նիստէն ետք յայտնեց, որ կառավարութիւնը սկզբունքով համաձայն գտնուած է մագնիսական անձնաթուղթեր հրապարակելու գաղափարին:
Ան նշեց, որ կառավարութիւնը կատարած է կարգ մը նշանակումներ Արդարութեան խորհուրդին համար, ինչպէս նաեւ Ժալալ Սլէյմանը նշանակած է Կեդրոնական քննչական խորհուրդի քննիչ:
Ան աւելցուց նաեւ, որ վարչապետ Հարիրիի գլխաւորութեամբ կազմուած է նախարարական յանձնախումբ մը, որուն աշխատանքը պիտի ըլլայ սերտել Պէյրութի միջազգային օդակայանը ընդարձակելու կարելիութիւնները:
ՀԱՐԿ է աւելցնել նաեւ, որ նախագահ Աուն վաւերացուց զինուորական կառոյցներու` բանակ, ներքին ապահովութեան ուժեր, ընդհանուր ապահովութեան ուժեր, պետական անվտանգութեան ուժեր եւ մաքսատան ուժեր, սպաներուն աստիճանի բարձրացում շնորհելու հրամանագիրը:



