Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աունի Հովանաւորութեամբ Եւ Ներկայութեամբ` Նաւթի Եւ Բնական Կազի Պեղման Ու Արտահանման Համաձայնագիրներու Ստորագրութիւն

February 12, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ, ուրբաթ երեկոյեան «Պիել»-ի «Փավիյոն ռուայալ» սրահին մէջ ստորագրուեցան նաւթի եւ բնական կազի պեղման ու արտահանման համաձայնագիրները:

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կազմակերպած պաշտօնական այս ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նաեւ մեծ թիւով նախարարներ, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Նաւթի լիբանանեան խորհուրդը, ինչպէս նաեւ համաձայնագիրը ստորագրող միջազգային ընկերութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք են` «Թոթալ» ընկերութեան Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի նախագահ Սթեֆան Միշել, «Էնի» ընկերութեան Միջին Արեւելքի գործադիր տնօրէն Ֆուատ Քրայքշի եւ «Նովաթեք» ընկերութեան փոխտնօրէն Տենիս Խրամով:

Լիբանանեան քայլերգին յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք ցուցադրուեցաւ Լիբանանի մէջ նաւթային մարզի աշխատանքներուն տարբեր փուլերը ժամանակագրական կերպով ներկայացնող տեսանիւթ մը:

Ապա ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ շեշտեց, որ իրենք իրենց անձերուն խոստացած են նաւթի ազգային այս թղթածրարը փտածութենէ հեռու պահել:

Ան նկատել տուաւ, որ թշնամի Իսրայէլը միշտ կը փորձէ ոտնձգութիւններ գործել Լիբանանի իրաւունքներուն դէմ, այս պարագային ան կը յայտարարէ, թէ 9-րդ նաւթահորը կը պատկանի իրեն, «սակայն

մենք կը հաստատենք, որ 9-րդ նաւթահորը լիբանանեան ջուրերուն մէջ կ՛իյնայ եւ անիկա պիտի ենթարկուի պեղման ամբողջական աշխատանքներուն», ըսաւ ան:

«Թոթալ», «Էնի» եւ «Նովաթեք» ընկերութիւններուն ներկայացուցիչները իրենց կարգին ելոյթներ ունեցան, ապա Նաւթի լիբանանեան խորհուրդին հետ փոխանակեցին ստորագրուած համաձայնագիրները:

Նախագահ Աուն այս առիթով նշեց, որ ինք ուրախ է յայտարարելու, որ Լիբանան այլեւս մաս կը կազմէ ուժանիւթ արտադրող երկիրներու ակումբին: «Մենք մեծ երազ մը իրագործած ենք, եւ Լիբանան մուտք գործած է նոր փուլ մը», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց նաւթային մարզին մէջ գործող անձնակազմին դերակատարութիւնը` մաղթելով, որ նաւթի արտահանումը կը կատարուի առանց արգելքներու:

Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ երկրին բնական հարստութիւններուն նկատմամբ իրենց հաւատքով աւելի եւս կ՛ամրապնդեն լիբանանեան հողերուն մէջ իրենց խրած արմատները: Ան շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ յարձակում սանձազերծել լիբանանեան նաւթին վրայ` աւելցնելով, որ Լիբանան եւ որեւէ այլ պետութիւն համահաւասար են, եւ ոչ ոք կրնայ սպառնալ երկրին:

Պասիլ շեշտեց, որ 9-րդ նաւթահորին մասին իսրայէլեան կողմին պահանջը շատ փոքր է` շեշտելով, որ Լիբանան կառչած կը մնայ ամբողջ նաւթահորը ունենալու իր իրաւունքին:

Ան նկատել տուաւ, որ ամերիկեան միջնորդութիւնը կրնայ դրական ըլլալ այն իմաստով, որ անիկա կրնայ լուծել այդ հարցը` ապահովելով Լիբանանի ամբողջական իրաւունքը:

Պասիլ հաստատեց, որ նաւթը արտաքին յարձակումներէ պաշտպանելու չափ ալ պէտք է զայն պաշտպանել ներքին փտածութենէն:

 

Նախորդը

Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ Շարունակեց Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

Յաջորդը

Մար Մարունի Տօնին Առիթով. «Պատասխանատուներու Զոհողութիւնները Կ՛երաշխաւորեն Արդիւնաւէտ Եւ Կարող Պետութեան Մը Հիմնումը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.