Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի եւ ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Երեկոյեան վարչապետը ընդունեց նաեւ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին` ներկայութեամբ նախարար Խուրիի:
Երկարատեւ հանդիպումէն ետք Ռիաշի մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:
Հարիրի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Եւրոպական Միութեան մէջ եւրոպական դրացի երկիրներու ֆինանսաւորումի բաժանմունքի պատասխանատու Մայքըլ Քուելըրը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընի եւ ներկայութեամբ Հարիրիի խորհրդականներէն Նետիմ Մունլայի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Փարիզի խորհրդաժողովին ընթացքին Լիբանանի կառավարութեան ներկայացնելիք ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Հռոմ 2-ի եւ Պրիւքսելի խորհրդաժողովներուն նախապատրաստութիւնները:
Մուսթաքպալ Պլոքի Նիստ
Յետմիջօրէին վարչապետ Հարիրի նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որուն ընթացքին գնահատուեցաւ Պաապտայի մէջ գումարուած իշխանութեան երեք պետերուն ժողովը, որ ճիշդ քայլ մըն էր` լուծելու համար քաղաքական տարակարծութիւնները, ինչպէս նաեւ զսպելու համար արձանագրուած արշաւները` զանոնք զետեղելով երկխօսութեան, սահմանադրական հաստատութիւններու աշխատանքին եւ Թաէֆի համաձայնագիրին յանձնառութեան երդիքին տակ:
Մուսթաքպալ պլոքը ողջունեց ժողովին ընթացքին տիրած դրական մթնոլորտը, որ փակեց ցեխարձակումներու եւ քաղաքական լարուածութեան էջը:
Անդրադառնալով Լիբանանի նաւթի իրաւունքները խլելու իսրայէլեան փորձերուն եւ սպառնալիքներուն` Մուսթաքպալ պլոքը ընդգծեց իր կառչածութիւնը երկրին բնական հարստութեան:
Պլոքը շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կատարեալ ազատութիւնը եւ բացարձակ իրաւունքը ունի լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող 9-րդ նաւթահորին պեղման գծով համաձայնագիրներ ստորագրելու: Մուսթաքպալ պլոքը աւելցուց նաեւ, որ Լիբանան իր ծովային սահմաններուն մասին տեղեկագիր ներկայացուցած է ՄԱԿ-ին` հիմնուելով միջազգային բոլոր օրէնքներուն եւ կանոններուն վրայ:
«Լիպըրմանի կողմէ Լիբանանի դէմ ուղղուած սպառնալիքները խստիւ կը մերժենք եւ կը զօրակցինք Լիբանանի կառավարութեան, որ բոլոր միջոցներով պիտի պահպանէ իր իրաւունքը, բնական հարստութիւններն ու գերիշխանութիւնը», շեշտեց պլոքը:
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն առումով Մուսթաքպալ պլոքը իր կատարեալ զօրակցութիւնը յայտնեց վարչապետ Հարիրիի հաստատելիք ընտրական դաշինքներուն եւ պատրաստելիք ընտրացանկերուն, այլ խօսքով` առաջադրելիք թեկնածուներուն:




