Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Սէուտական Արաբիա Լիբանանին բարեկամ երկիրներ են` աւելցնելով, որ Լիբանան այս երկիրներէն պատուիրակներ կ՛ընդունի` նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր պատուիրակ ներկայացնելիք առաջարկ մը ունի:
«Հակառակ այս բոլոր առաջարկներուն, Լիբանանի շահերը ամէն բանէ վեր են: Հետեւաբար Լիբանանի շահերուն չծառայող որեւէ առաջարկ անընդունելի պիտի ըլլայ», շեշտեց ան:
Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի միջինարեւելեան հարցերու օգնական դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի առաջարկին` Ապի Խալիլ հաստատեց, որ Սաթըրֆիլտ կ՛առաջարկէ նախաձեռնութիւն մը, որ եթէ դրական ազդեցութիւն չունենայ լիբանանեան շահերուն վրայ, ապա ան պիտի մերժուի:
Ապի Խալիլ հաստատեց, որ Լիբանան ճիգ պիտի չխնայէ եւ իր բոլոր միջոցներով պիտի պայքարի իր հողերը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ ծովային իր սահմաններն ու տնտեսական շրջանը պաշտպանելու առումով:
«Լիբանան այլոց, ինչպէս Եգիպտոսի, Պաղեստինի, Սուրիոյ եւ Կիպրոսի նաւթի իրաւունքը չի պահանջեր եւ ոչ ալ պիտի արտօնէ, որ նաւթի իր բնական հարստութեան դէմ յարձակում գործուի»:



