Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Քարտելի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Օժանդակութեան Միջազգային Խորհրդաժողովներուն Վերաբերող Հարցեր

February 24, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի գործակատար Փերնիլ Տահլեր Քարտելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի օժանդակութեան նպատակով գումարուելիք միջազգային խորհրդաժողովներուն վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Քարտել յայտնեց, որ Հարիրիի հետ իր հանդիպումը շատ շինիչ եղած է եւ անդրադարձ կատարուած է կարգ մը հարցերու:

Ան նշեց, որ ինք այցելած է Մոսկուա, Փարիզ, Լոնտոն, Հռոմ եւ Ապու Տապի, ուր քննարկած է Լիբանանի նկատմամբ միջազգային ընտանիքին օժանդակութիւնները շարունակելու կարելիութիւնները, որպէսզի ան կարենայ շրջանցել իր դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Քարտել նշեց, որ Հարիրիի հետ խօսած է նաեւ Լիբանանի աջակցութեան միջազգային խորհրդաժողովներուն եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին միջազգային ընտանիքին ունենալիք հաւանական ներդրումին մանրամասնութիւններուն մասին:

Հարիրի հաստատեց, որ Քարտելի հետ քննարկած է նաեւ սահմանային Կապոյտ գիծի պահպանումին կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ իմաստով երկխօսութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:

Հարիրիի այցելեց նաեւ Եգիպտոսի միջազգային գործակցութեան նախարար Սահար Նասըրը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի եւ Եգիպտոսի միջեւ տնտեսական գործակցութիւնն ու յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը` երաշխաւորելով երկու ժողովուրդներուն շահերը, ինչպէս նաեւ բարելաւելու համար Լիբանանի եւ Եգիպտոսի կառավարութիւններուն եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործակցութիւնը:

Երեկոյեան Հարիրի ընդունեց Արեւմտեան Պեքաայի եւ Ռաշայայի քաղաքապետները, թաղապետներն ու հեղինակութիւնները, որոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին վարչապետ Հարիրիի քաղաքական կեցուածքներուն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կենցաղային, ընկերային եւ շրջանին համար անհրաժեշտ շարք մը հարցեր, որոնցմէ էր նաեւ շրջանին ելեկտրական հոսանք ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախորդը

Պասիլ Լաւրովէն Ստացաւ Նամակ Մը

Յաջորդը

«Արդարութիւնը Կը Պահանջէ Ընդունիլ, Որ Լեռնային Ղարաբաղը Երբեք Չվերադառնայ Ազրպէյճանի Կազմ» Կ՛ըսէ Զաթուլին

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.