Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահմանադրական, Ապահովական Թէ Ընկերային-Տնտեսական Ժամկէտներուն Ընդառաջ. Լիբանանեան Ղեկավարութիւնն Ու Վարչամեքենան` Զօրաշարժի Մատնուած

February 23, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի զօրակցութեան եւրոպական համագումարներու, բնական հարստութեանց 9-րդ նաւթահորի եւ առնչակից ջրային իրաւունքներու, երեսփոխանական ընտրութեանց եւ յարակից սահմանադրական ժամկէտներուն ընդառաջ, Լիբանան իր իշխանութեան ղեկավարներով ու վարչամեքենայով զօրաշարժի մատնուած է` հասնելու համար խոստմնալից յարմարագոյն եզրայանգումներու:

Արդարեւ, այն միջոցին, երբ նախագահ Միշել Աուն Երեւանէն կը յայտարարէր Լիբանանի անզիջող վճռակամութիւնը` իր օդային, ծովային թէ հողային ամբողջականութեան գծով, անդին Լիբանանի մէջ նմանօրինակ կեցուածք կը շեշտուէր պաշտօնական, քաղաքական թէ զինուորական հեղինակութիւններու կողմէ:

Այս ծիրին մէջ ամերիկացի բանագնաց դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ երէկ կրկին ձեռնունայն մնաց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր երկրորդ հանդիպումի լոյսին տակ: Սաթըրֆիլտ, որուն կ՛ընկերանար Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ, երէկ դարձեալ չկրցաւ համոզել լիբանանեան օրէնսդիր իշխանութեան պետը` ընդառաջելու իսրայէլեան միջնորդական պահանջին 9-րդ նաւթահորի բաժնեկցութեան գծով:

Աւելի ուշ դեսպան Սաթըրֆիլտ երէկ երեկոյեան այցելեց է արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ երեք քարորդ ժամ տեւողութեամբ խորհրդակցեցաւ նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ ու մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Իսկ Հարաւային Լիբանանի մէջ հովանաւորութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութեան, եռակողմանի ժողով մը գումարուեցաւ երէկ լիբանանցի, իսրայէլացի եւ ՖԻՒՆԻՒԼ-ի զինուորական մասնագէտներուն միջեւ: Հակառակ խորհրդակցութեանց արդիւնքներուն մասին տիրած խիստ  գաղտնապահութեան, իմացուեցաւ, թէ երբեմնի ամերիկացի բանագնաց Ֆրետերիք Հոֆմանի առաջարկը, որ ծանօթ է «Հոֆի գիծ» անունով, ընդմիշտ զանց առնուած է, եւ լիբանանեան կողմը կտրուկ կերպով մերժած է ընդառաջել 9-րդ նաւթահորի 860 քառակուսի քիլոմեթր տարածքին 40 առ հարիւրը ձեռք ձգելու իսրայէլեան պահանջին: Ըստ «Մարքազիէ» լրատուական գործակալութեան, նշեալ ժողովի ընթացքին իսրայէլեան հետախուզական օդանաւեր թռիչք կատարած են Նապաթիէի վերեւ` խիստ ցած բարձրութեան վրայ: Նմանապէս, իսրայէլեան զինուորական ինքնաշարժներ ժողովի ամբողջ տեւողութեան շրջագայած են Իսրայէլի կառուցած պատնէշի վայրին` Ատէյսէի եւ Քֆարքիլայի միջեւ: Լիբանանեան կողմը անգամ մը եւս վերահաստատած է Լիբանանի գերիշխանութիւնը իր հողային ամբողջականութեան գծով, իսկ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատար զօրավար Մայքըլ Պերիի ներկայացուցիչը շեշտած է ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի տրամադրութեանց  մանրակրկիտ գործադրութեան յանձնառութիւնը:

Նմանապէս, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ Պէյրութի մէջ իր կարգին ընդգծած է Լիբանանի անզիջող կեցուածքը` նշելով, որ պատկան յարակից ընկերութիւնները կը շարունակեն իրենց աշխատանքները:

Ամավարկի Նախագիծը Շաբաթասկիզբին Խորհրդարան Կը Յղուի

Զանազան նախարարութեանց գրասենեակներու եւ պատկան մարմիններու տքնաջան ճիգերուն ծիրին մէջ, պետական ամավարկի քննարկման կոչուած նախարարական սեղմ յանձնախումբը երէկ շարունակեց իր նիստերը` գլխաւորութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացած են բարեկարգչական հիմնական  քայլերու ներառման կարելիութեանց վրայ: Նիստի աւարտին ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ հաւաստիացուց, որ ամավարկի յօդուածներուն մեծամասնութիւնը քննարկուած է, եւ յաջորդ նիստը պիտի գումարուի յառաջիկայ երկուշաբթի օր: Նախարար Խալիլ խիստ հաւանական նկատեց, որ երկուշաբթի ամավարկը յղուի խորհրդարան` առ ի վաւերացում:

Նաեւ` Նախընտրական Զօրաշարժ

Նմանապէս, երէկ շարունակուեցան երեսփոխանական ընտրութեանց գծով նախընտրական բանակցութիւններն ու խորհրդակցութիւնները լիբանանեան տարբեր, նոյնիսկ երբեմնի քաղաքականօրէն հակադիր կողմերու պատկան մարմիններուն միջեւ:

Այս ծիրին մէջ իմացուեցաւ, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ կը շարունակէ իր մագոգային ճիգերը տարբեր կողմերու միջեւ` փորձելով առաւելագոյն երեսփոխաններով մաս կազմել յառաջիկայ խորհրդարանին: Այս առումով իրազեկ աղբիւրներ կը հաւաստեն, թէ առաւելագոյնը յառաջիկայ 24 մարտին յայտարարուելիք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընտրացանկերը պիտի ներառէ 35 թեկնածու: Ըստ այլ աղբիւրներու, Ազգային ազատ հոսանքը իր ընտրացանկը պիտի վճռէ յառաջիկայ երկու շաբաթներու ընթացքին, հանրութեան ներկայացնելով ընդամէնը 25 թեկնածու:

Միաժամանակ, կը նախատեսուի, որ նախարար Պասիլ յառաջիկայ օրերուն կրկին տեսակցի Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրիի հետ: Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, անցնող օրերուն ան տեսակցած է նաեւ Հըզպալլայի ներկայացուցիչ Ուաֆիք Սաֆայի հետ:

Ըստ լրատուական «Մարքազիէ» գործակալութեան, վարչապետ Հարիրի եւս կը պատրաստուի յառաջիկայ 1 մարտին կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ յատուկ հանդիսութեամբ յայտարարել Մուսթաքպալ հոսանքի ընտրացանկերու թեկնածուներուն անունները:

Իսկ Մուսթաքպալ հոսանքէն մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի հանդիպումներ ունեցած է Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ:

 

Նախորդը

Հարիւր Պատմական Դէպք` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Յաջորդը

Թուրքիոյ Հայ Մտաւորականութիւնը Կոչ Ուղղած Է Պատրիարքի Ազատ Ու Անկախ Ընտրութիւն Կատարելու

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.