Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ստացաւ Ճոնսընէն

February 26, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսընէն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:

Ճոնսըն եւ Հարիրի քննարկեցին նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Հռոմի եւ Փարիզի խորհրդաժողովներուն մանրամասնութիւնները, որոնք կը միտին լիբանանեան բանակին եւ լիբանանեան տնտեսութեան օժանդակութիւն ապահովել:

Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց Ճոնսընի` Լիբանանին ներկայացուած բրիտանական ապահովական եւ տնտեսական օժանդակութիւններուն համար:

Միւս կողմէ, կը նախատեսուէր, որ վարչապետ Հարիրի երէկ ուշ գիշերին հանդիպում մը ունենար տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշիի հետ` ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի եւ Նատեր Հարիրիի:

Նշենք, որ երէկ երեկոյեան «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած յայտագիրի մը ընթացքին, վարչապետ Սաատ Հարիրի հիւրը դարձաւ քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ հարցազրոյցներ կատարող երեխաներուն:

Հարցազրոյցին ընթացքին երեխայի մը հարցումին ընդմէջէն ի յայտ եկաւ, թէ վարչապետ Հարիրի չի գիտեր, թէ մէկ կապ լիբանանեան հացը ի՛նչ կ՛արժէ:

Հարիրի յայտնեց, որ իր երազն է, որ Լիբանան նմանի Զուիցերիոյ` աւելցնելով, որ Լիբանան կատարեալ իրաւունքը ունի իր նաւթահորերը պեղելու եւ նաւթ ու բնական կազ արտահանելու:

Հարիրի յայտնեց, որ նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆին բարեկամ չի նկատեր, որովհետեւ «բարեկամը հաւատարիմ կ՛ըլլայ, իսկ ան որոշեց ինքզինք ինձմէ անջատել»:

Վարչապետ Հարիրի նշեց նաեւ, որ լիբանանեան բանակը պէտք է զինել եւ ամրապնդել` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի զէնքին հարցը կարելի է լուծել միջլիբանանեան երկխօսութեամբ, քննարկելէ ետք պաշտպանութեան նոր ռազմավարութիւն մը, որուն մշակման մէջ իր ներդրումը կրնայ ունենալ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն:

Պատասխանելով իր հրաժարականին մասին հարցումի մը` Հարիրի ըսաւ, որ ինք հրաժարելու որոշումը Ռիատէն կատարած է, որպէսզի աւելի ողբերգական ըլլայ անիկա եւ Լիբանանի մէջ դրական ցնցում յառաջացնէ:

 

Նախորդը

Հիւսէյնի. «Ինծի Համար Կարեւորը Այն Է, Որ Յաջորդ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Լիբանանցիները Ներկայացուին Խորհրդարանին Մէջ»

Յաջորդը

Պըրրի. «Ես Բէկի Զաւակ Չեմ, Բէկ Չեմ, Իսկ Զաւակս Ալ Չի Փափաքիր Բէկ Դառնալ»

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.