ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանն ու այլ համայնքներու հոգեւոր պետեր երէկ ուղղուեցան Վիեննա` մասնակցելու համար կրօններուն միջեւ երկխօսութեան:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտնեց, թէ Հալիֆաքսի մէջ սպաննուած լիբանանցի երիտասարդ Հասան Խէյրէտտինի մասին հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է: Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի դեսպանատունն ու քանատական իշխանութիւնները կը շարունակեն հետաքննութիւնը:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք հաստատեց, որ ինք կը մերժէ այն արտայայտութիւնները, թէ Պէյրութը զրկուած, անիրաւուած եւ յուսալքուած մայրաքաղաք է:
ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՈՒՄԻ հարցերու պետական նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ գոյանալիք ընտրական դաշինքները տակաւին վերջնական չեն` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին, հակառակ Լիբանան-Իսրայէլ պատերազմի հաւանականութեան մասին կատարուող յայտարարութիւններուն:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ պէտք է վերջ տալ պետական հաստատութիւններուն մէջ պաշտօնեաներ արձանագրելու դրութեան եւ արմատական բարեփոխումներ կատարել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող քաղաքական տարբեր ուժերուն հետ Մուսթաքպալի գոյացնելիք ընտրական դաշինքները այս շաբաթասկիզբին պիտի յստականան:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ ընտրական պատկերն ու դաշինքները Քեսրուանի մէջ տակաւին անյստակ են:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ հաստատեց, որ փտածութեան դէմ իրենց պայքարին մէջ ոչ մէկ թերացում պիտի արձանագրեն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Տորի Շամուն յայտնեց, որ Մեթնը եւ ամբողջ Լիբանանը կը փափաքի արտաքին ճնշումներէ զերծ տեսնել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ առիթ պիտի չտան, որ Հըզպալլայի կամ սուրիական վարչակարգին հետ կապ ունեցող անձնաւորութիւն մը եւ զիրենք ներկայացնէ խորհրդարանին մէջ:


