ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ Լիբանանէն մեկնեցաւ լիբանանեան-իսրայէլեան ծովային սահմաններուն շուրջ տարակարծութեան մասին լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներէն ետք:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քի Ճիանը, որուն հետ քննարկեց «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին նախապատրաստութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ խորհրդաժողովին Չինաստանի մասնակցութիւնը, որպէսզի ան օժանդակէ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կոչ ուղղեց, որ Լիբանանեան համալսարանը ըլլայ լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն օրինակելի տիպարը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի շեշտեց, որ Լիբանան վստահ է ծովային իր սահմաններէն, եւ անոր ունեցած քարտէսները կը փաստեն այդ իրականութիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Սաֆատի 9-րդ նաւթահորին ակնարկելով յայտնեց, որ Լիբանան իր կեցուածքէն եւ իրաւունքներէն անզիջող պէտք է ըլլայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած է` ծառայելու համար հզօր Լիբանանին:
ՍԱՅՏԱՅԻ նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրի յայտնեց, որ Սայտայի եւ Ժեզզինի միջեւ գործակցութիւնը օրինակելի է:
ԲԱՆԱԿԻ սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Հաթեմ Մալլաք երէկ ստուգեց հարաւային Լիթանիի մօտ տեղակայուած լիբանանեան բանակի զօրամասերը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Լիբանանեան ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը յառաջդիմութիւն արձանագրած է:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ ամերիկացիներուն հետ լիբանանցիներուն փորձառութիւնը լաւատեսութիւն չի ներշնչեր, երբ հարցը կը վերաբերի Իսրայէլի շահերուն:


