Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, նախկին նախագահներ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Ամին Ժեմայէլի, ինչպէս նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ եւ շնորհաւորեց զանոնք Ս. Զատկուան տօնին առիթով:
Միւս կողմէ, երէկ Այն Թինէի մէջ Պըրրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Փերնիլ Տահլեր Քարտել, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Պըրրիի այցելեցին նաեւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ երեսփոխան Պութրոս Հարպ, որոնք քննարկեցին երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ինթըրփոլի նախագահ, նախկին փոխվարչապետ Էլիաս Մըր: