Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իսրայէլեան Սպառնալիքները Պատերազմական Գործողութիւններ Են, Որոնք Լիբանանի Կողմէ Խիստ Մերժելի Են» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Ապրիլ 6, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Փերնիլ Քարտելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու է երկրին հարաւային սահմանները ամրապնդելու, որովհետեւ Լիբանան խաղաղութեան հաւատացող երկիր մըն է, որ կը մերժէ պատերազմը:

«Այս իմաստով Լիբանանի դէմ արձակուած իսրայէլեան սպառնալիքները պատերազմական գործողութիւններ են, որոնք Լիբանանի կողմէ խիստ մերժելի են», շեշտեց նախագահ Աուն:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Քարտելին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին, որոնք իրենց դրական ներդրումը ունեցան Լիբանանի զինուորական օժանդակութեան նպատակով կայացած «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին մասնակցելով:

Նախագահ Աուն նշեց, որ Լիբանան նախանձախնդիր է այդ յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը շարունակելու, յատկապէս նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին պիտի գումարուի «Պրիւքսել»-ի խորհրդաժողովը, որ նուիրուած է Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին:

Այս առումով նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց տեղահանուած սուրիացիներուն ապահով տունդարձը` յայտնելով, որ Լիբանան այլեւս չի կրնար հանդուրժել սուրիացի տեղահանուածներուն կարիքները հոգալու բեռը:

Իր կարգին, Քարտել նախագահ Աունին ներկայացուց «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին իր մասնակցութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի նախապատրաստական աշխատանքները` Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք այսօրուան «Սետր» խորհրդաժողովին մասնակցութեան առումով:

Քարտել նշեց, որ «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին նախօրեակին նախագահ Աունի կողմէ Ազգային պաշտպանութեան  ռազմավարութիւնը մշակելու մասին կատարուած յայտարարութիւնը երաշխաւորած է խորհրդաժողովին յաջողութիւնը:

Քարտել շեշտեց, որ ՄԱԿ ամէն իմաստով եւ բոլոր մարզերուն մէջ Լիբանանին զօրակցելու յանձնառու կը մնայ, ինչպէս նաեւ կ՛օժանդակէ Լիբանանի կառավարութեան` իրագործելու իր բոլոր նպատակները:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ խորհրդարանի հարցերու պետական նախարար Ալի Քանսօ, որ նախագահին հետ քննարկեց շարք մը հարցեր, որոնց շարքին` «Սետր» խորհրդաժողովին վերաբերող մանրամասնութիւնները` մաղթելով, որ անիկա ըլլայ տնտեսական իսկական զարթօնքի սկիզբ մը եւ ոչ թէ պարտքերու յաւելեալ կուտակում:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի, որ յայտնեց, թէ ինք Ս. Զատկուան տօնին առիթով շնորհաւորած է նախագահ Աունը եւ անոր հետ քննարկած Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնը:

 

Նախորդը

Մաշնուք Ապահովական Կառոյցներու Պետերուն Ցուցմունքներ Տուաւ` Ընտրութիւններուն Նախօրեակին Ապահովական Միջոցառումները Ամրապնդելու

Յաջորդը

«Հայկական Հարցը Իրաւացի Է, Հայաստանը` Իրաւատէր, Իսկ Օսմանցիները` Դէպի Յաւելեալ Լարուածութիւն» Շեշտեց Ժոզեֆ Ապու Ֆատել

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?