Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

April 4, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ այցելեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին` ընկերակցութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի եւ Հարիրիի խորհրդական Տաուտ Սայեղի:

Պքերքէի մէջ Հարիրի առանձին հանդիպում մը ունեցաւ Ռայիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի դարձաւ Ռայի պատրիարքի ճաշի հիւրը:

Պքերքէէն մեկնումի պահուն վարչապետը յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է Հռոմի եւ Փարիզի խորհրդաժողովներուն մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պատրաստութիւնները` աւելցնելով, որ քննարկումները ընթացած են դրական մթնոլորտի մէջ:

Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով` Հարիրի յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն կրթական թղթածրարը լուծելու, որպէսզի աշակերտները պատանդներու չվերածուին:

Այս շրջագիծին մէջ վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ կրթութեան նախարարին առաջարկը` ուսուցիչներուն իրաւունքները մասնավճարով տալու առումով, շինիչ է:

Անդրադառնալով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ իր յարաբերութեան` Հարիրի յայտնեց, որ անիկա վերիվայրումներ կ՛ապրի` նշելով սակայն, որ ինք չէ այդ վերիվայրումներուն պատճառը:

«Ժոմպլաթին հետ իմ կապս ռազմավարական է, եւ ինք լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ նշանակութիւն ունի ինծի համար: Ոչինչ կ՛արգիլէ, որ մեր հանդիպումը մօտալուտ ըլլայ», ըսաւ Հարիրի:

Ան աւելցուց նաեւ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ իր յարաբերութիւնները բացառիկ են` աւելցնելով, որ իրենց միջեւ հանդիպումը մօտիկ ապագային պիտի կայանայ:

Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դիւանագիտական անձնակազմի նախագահ Ուալիտ Պուխարի, որ յայտնեց , թէ իր կատարած այցելութիւնը արարողակարգային բնոյթ ունի, եւ թէ Ռայի պատրիարքը շնորհաւորած է Ս. Զատկուան տօնին առիթով:

Պուխարի նշեց նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են Ռայի պատրիարքին Սէուտական Արաբիա կատարած պատմական այցելութեան արդիւնքները:

Պքերքէի այցելուներէն եղաւ նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ, որ յայտնեց, թէ ինք մարոնի պատրիարքութեան նկատմամբ խոր յարգանք կը տածէ: Ան աւելցուց, որ հանդիպումը եղած է առիթ մը` քննարկելու ազգային լուրջ հարցեր, որոնցմէ օրէնքի թիւ 46 յօդուածը, որ կը վերաբերի սեփական դպրոցներու ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելման իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ ներկայացուցած է կարգ մը առաջարկներ` այդ իրաւունքները տալու իմաստով:

Համատէ նշեց, որ իր առաջարկը կը կեդրոնանայ այդ իրաւունքը պարբերաբար ուսուցիչներուն շնորհելու անհրաժեշտութեան վրայ` աւելցնելով, որ այս բոլորին մէջ կարեւորագոյնը կը մնայ աշակերտը եւ անոր կրթական տարեշրջանի ամբողջացումը:

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Մինա Հոսնի Մէջ Պաշտօնական Բացումը Կատարեց Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Թագաւորի Անուան Պողոտային

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Արաբական Վեհաժողովի Մասնակցութեան Հրաւէրը Ստացաւ Պուխարիէն

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.