Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Մինա Հոսնի Մէջ Պաշտօնական Բացումը Կատարեց Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Թագաւորի Անուան Պողոտային

April 4, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ երեկոյեան Մինա Հոսնէն Զէյթունա Պէյ երկարող պողոտան պաշտօնական արարողութեամբ մը անուանուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին անունով:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի հովանաւորեց պողոտային բացման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան սէուտցի թագաւորական պատուիրակ Նիզար Օլուլա, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դիւանագիտական անձնակազմի նախագահ Ուալիտ Պուխարի, հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, նախկին վարչապետներ Թամմամ Սալամ եւ Ֆուատ Սինիորա, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, մեծ թիւով նախարարներ, հոգեւորականներ, դիւանագէտներ եւ Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպ:

Վարչապետ Հարիրի այս առիթով յայտնեց, որ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ իր ունեցած իւրաքանչիւր հանդիպումին անպայման Լիբանանի մասին լաւ յիշատակները կը նշուին: «Այդ հանդիպումները կը վերածուին Լիբանանը ուսումնասիրած պատմաբանի հետ հանդիպումներու», ըսաւ ան:

Հարիրի նշեց, որ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին անունով Պէյրութի մէջ պողոտայի մը անուանումը կ՛ամրապնդէ լիբանանեան-սէուտական պատմական յարաբերութիւնները: Ան ըսաւ նաեւ, թէ Ռիատ միշտ զօրակցած է Լիբանանին` անոր դիմագրաւած վատագոյն պայմաններուն ընթացքին: «Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ կայ պատմութիւն մը, որ կարելի չէ խզել, որքան ալ այդ իմաստով փորձեր կատարուին: Իսկ պէյրութեան այս երեկոն փաստ մըն է, որ Լիբանանի արաբականութիւնը կը յաղթահարէ բոլոր տարազները», հաստատեց ան:

Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպ հաստատեց, որ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին անունը կրող պողոտայի բացումը ամբողջ աշխարհին ուղղուած պատգամ մըն է, թէ Պէյրութ կառչած կը մնայ իր արաբական ինքնութեան ու խորքին:

Իր կարգին, Պուխարի յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները ամուր են եւ մայրիի ծառին նման արմատաւորուած:

Միւս կողմէ, այս առիթով Ժոմպլաթ լրագրողներէն մէկուն հարցումին պատասխանելով ըսաւ. «Այս առիթը կը վերյիշեցնէ Պէյրութի պայքարող մայրաքաղաք ըլլալու իրականութիւնը: Եկէ՛ք նոր էջ մը բանանք Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններուն գիրքին մէջ»:

Նշենք, որ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորի անուան պողոտայի բացումէն ետք, կազմակերպութեամբ սէուտական դեսպանատան, «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ սարքուեցաւ ընթրիք մը, որուն շրջագիծին մէջ վարչապետ Հարիրիի, Ուալիտ Պուխարիի, թագաւորական պատուիրակ Օլուլայի, Սամիր Ժահժահի եւ Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ տեղի ունեցաւ դռնփակ հանդիպում մը:

 

Նախորդը

Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով` Պըրրի Շնորհաւորեց Նախագահ Աունն Ու Ռայի Պատրիարքը

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.