ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին վերաբերող հարցեր, հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին իրավիճակը, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն կապուած խնդիրներ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ 6 մայիսը երեսփոխանական ընտրութեան օր չէ, այլ` հանրաքուէի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Օքապ Սաքըր հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ տարակարծութիւնները ռազմավարական չեն, այլ` մանրամասնութիւններու վերաբերող անցողակի տարակարծութիւններ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ յարաբերութիւնները լաւ վիճակի մէջ չեն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ Փարիզի մէջ այսօր տեղի ունենալիք «Սետր»-ի խորհրդաժողովը պիտի աւելցնէ Լիբանանի նիւթական պարտքն ու անոր տոկոսները: «Իսկ միլիոնաւոր աշխատատեղեր ստեղծելու այդ խորհրդաժողովին կարողութեան մասին յայտարարութիւնները ընտրական արշաւին մաս կը կազմեն», ըսաւ ան:
ՍԵՓԱԿԱՆ դպրոցներու մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ հաստատեց, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն ուսուցիչներու իրաւունքներուն դպչիլ` խախտելով աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող օրէնքին թիւ 46-րդ յօդուածը, ինչպէս նաեւ փորձելով այդ յաւելումները մասնավճարի վերածել:
«ՆԱՇՐԱ» կայքին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անմրցելի կը մնայ այդ պաշտօնը պահելու իմաստով:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական պատուիրակ Նիզար Օլուլա հաստատած է, որ Ռիատ չի փափաքիր երեսփոխանական ընտրութիւններուն միջամտել, որովհետեւ անիկա ներքին լիբանանեան հարց է: «Սակայն Սէուտական Արաբիա իր գրաւը կը դնէ աւելի լաւ ապագայ ունեցող Լիբանան մը կերտելու լիբանանցիներուն գիտակցութեան վրայ», ըսած է Օլուլա:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ յարաբերութիւններու սառցահալ մը կատարելու սէուտական նպատակ կայ: