Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց զգուշանալու Լիբանանի դէմ բռնարարքներ գործելու իսրայէլեան սպառնալիքներէն, յատկապէս վերջերս Պէյթ Եահունի մէջ ինկած իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքի դէպքէն ետք:
Հանդիպումին ներկայ գտնուող երեսփոխանները յայտնեցին նաեւ, որ Պըրրի այս մտահոգութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է միջազգային հեղինակութիւններու, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ` դէմ դնելու համար իսրայէլեան թշնամական այս քաղաքականութեան վտանգներուն:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի անդրադարձաւ նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ հաստատեց, որ ինք նեղացած է ընտրութիւններուն առիթով տարբեր ընտրաշրջաններու մէջ հսկայական գումարներու մսխումէն:
Պըրրի նկատել տուաւ նաեւ, որ ընտրական նոր օրէնքը կարիքը ունի բարեփոխումի:
Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ տնտեսական այս փուլին ընթացքին «Փարիզ 4»-ի խորհրդաժողովին գումարուիլը շատ աւելի լաւ է, քան բնաւ չգումարուիլը: Ան նշեց, որ խորհրդաժողովին ընթացքին վաւերացուելիք ծրագիրները պէտք է ներկայացուին Լիբանանի կառավարութեան եւ լիբանանեան խորհրդարանին:
Ան ըսաւ, թէ խորհրդարանը պէտք է այս իմաստով իր վերահսկող դերակատարութիւնը ունենայ, եւ իր կարծիքը յայտնէ Լիբանանի տրամադրուելիք վարկերուն առումով:
Պըրրի շեշտեց, որ իրեն համար նեղացուցիչ է տեսնել, թէ կարգ մը ընտրաշրջաններու մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն համար ի՛նչ հսկայական գումարներ կը մսխուին:
Ընտրական օրէնքին մասին խօսելով` Պըրրի յայտնեց, որ ներկայ ընտրական օրէնքը բարեկարգումի կարիքը ունի` աւելցնելով, որ գործնական փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ այդ օրէնքը աւելի մօտ է ուղղափառ օրէնքին:
Ան բնական նկատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններու թուականին մօտենալուն իբրեւ հետեւանք քննարկումի առարկայ դառնայ նաեւ խորհրդարանի նախագահի ընտրութեան օրակարգը: Այս շրջագիծին մէջ Պըրրի հաստատեց, որ վարչապետի նշանակումին ծիրին մէջ, ինք դարձեալ պիտի առաջարկէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի անունը:
Խորհրդարանի փոխնախագահի պաշտօնին համար Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ` նախապէս նոյն պաշտօնը վարած երեսփոխան Էլի Ֆըրզլիի թեկնածութիւնը առաջադրելու մասին հարցումի մը պատասխանելով, Պըրրի ըսաւ. «Ֆըրզլիի հետ յարաբերութիւններս շատ լաւ են, եւ մօտիկ ապագային հանդիպելու ժամադրութիւն մը արդէն իսկ առկայ է: Ֆըրզլի նախապէս ստանձնած է խորհրդարանի փոխնախագահի պաշտօնը, եւ անոր հետ աշխատանքի փորձառութիւնս լաւ է: Հետեւաբար Արեւմտեան Պեքաայի մէջ Ֆըրզլիի թեկնածութեան նկատմամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ցուցաբերած զօրակցութիւնը անոր մասին մեր կարծիքը չի փոխեր»: