Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարք. «Կոչ Կ՛ուղղենք Պատասխանատուներուն Յետս Կոչելու Քաղաքացիութիւն Շնորհելու Հրամանագիրը, Որովհետեւ Իրենց Հանդէպ Անվստահութիւն Կը Յառաջացնէ»

June 12, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ բացումը կատարեց մարոնի համայնքին յատուկ սիւնհոդոսին, որուն ընթացքին լիբանանցի ժողովուրդին անունով պահանջեց նոր կառավարութեան արագ կազմութիւնը` ազգային պատասխանատուութեան ոգիով եւ հեռու անձնական շահերէ, կառավարութիւն, որ կրնայ կատարել անհրաժեշտ բարեկարգումները` կառոյցներու եւ մարզերու մակարդակին վրայ: Պատրիարքը աւելցուց, որ ատիկա կը ծառայէ իբրեւ պայման` ստանալու նիւթական օգնութիւններ, նուիրատուութիւններ եւ վարկեր, որոնք որոշուեցան Հռոմի (15 մարտ) եւ Փարիզ «Սետր» (6 ապրիլ) խորհրդաժողովներուն ընթացքին` դիտել տալով, որ անոնք պիտի նպաստեն Լիբանանի տնտեսական զարթօնքին, որ լիբանանցիները դուրս պիտի հանէ աղքատութեան ու կարօտի վիճակէն եւ գործի առիթներ պիտի ապահովէ զարգացած նոր սերունդներուն:

Ռայի պատրիարքը պահանջեց կառավարութենէն` իրենց որոշումը միաւորելու սուրիացի գաղթականներու տունդարձին վերաբերեալ եւ պահանջեց նաեւ միջազգային ընտանիքէն` անոնց օգնելու իրենց տուները նորոգելու: Ռայի շեշտեց, որ սուրիացի գաղթականներուն իրաւունքն է վերատիրանալ իրենց ազգային արժանապատուութեան եւ պահպանել մշակութային եւ քաղաքակրթական ժառանգութիւնը: Պատրիարքը ըսաւ, որ պէտք է քաջալերել զանոնք վերադառնալու եւ ոչ թէ վախցնել` քաղաքական նպատակներու համար: Ըստ անոր, հակառակ պարագային այլ գաղթականները զոհ պիտի դառնան երկու պատերազմներու. պատերազմ, որ քանդեց իրենց տունը եւ առաւ իրենց կեանքը, եւ պատերազմ, որ կը քանդէ իրենց մշակոյթը, պատմութիւնը եւ քաղաքակրթութիւնը: Պատրիարքը շեշտեց, որ ասիկա ցեղասպանութիւն է անոնց հաշուոյն:

Անդրադառնալով քաղաքացիութիւն շնորհելու հրամանագիրին` Ռայի պատրիարքը պատասխանատուներէն պահանջեց յետս կոչել հրամանագիրը, որովհետեւ անվստահութիւն կը յառաջացնէ իրենց հանդէպ` տրուած ըլլալով, որ ասիկա կատարուեցաւ անսպասելիօրէն եւ ներառելով կասկածելի անուններ, որոնք պատիւ չեն բերեր լիբանանեան քաղաքացիութեան:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց բոլոր բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն եւ ազգային ընդհանուր հարցերու պատասխանատուներուն` վստահութիւն ամրապնդելու իրենք իրենց միջեւ, ազգային դաշինքի ոգիով, որ Լիբանանը կը զատորոշէ միւս երկիրներէն, որովհետեւ ատիկա անկախութեան, հաւասարութեան եւ քրիստոնեաներուն ու իսլամներուն միջեւ համակեցութեան դաշինք է: Պատրիարքը աւելցուց, որ ատիկա Սահմանադրութեան եւ քաղաքական կեանքի ոգին է, որովհետեւ կը կազմէ ամբողջացումը ձեւաւորելու ազգային միասնական հիւսուածքը, եւ կը շրջանցէ գոյակցութեան մակարդակը, ըլլալու համար կեանքի ձեւ, որ իւրաքանչիւր մարդու կ՛ապահովէ հաղորդակցութիւն միւսին հետ, կը հարստացնէ անհատականութիւնները, առանց ջնջելու առանձնայատկութիւնները եւ տարբերութիւնները, որոնք հարստութիւն են բոլորին համար:

 

Նախորդը

Սելիմ Աուն. «Ճգնաժամ Կը Ստեղծէ Ան Որ Կը Դրդէ Գաղթականները Լիբանան Մնալու»

Յաջորդը

Ռիաշի. «Ընտրութիւններուն Վերահսկող Խորհուրդը Շրջանցեց Իր Լիազօրութիւնները Եւ Վերածուեցաւ Վերահսկիչ Մարմինի»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.