Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ նշեց, որ չկայ որեւէ արգելք, որ կ՛ուշացնէ կազմութիւնը կառավարութեան, որ պիտի կազմուի եւ սկսի աշխատանքի, որովհետեւ Լիբանանը չի հանդուրժեր թղթածրարներու ուշացումը, սկսեալ ցամաքային եւ ծովային սահմաններու հաստատումէն, իսրայէլեան վտանգները դիմակայելէն եւ բարգաւաճման հարցերու լուծումէն բոլոր շրջաններուն մէջ:
Նապաթիէի մէջ իֆթարի ընթացքին Ռաատ յայտարարեց աշխատանոցի մեկնարկը ճշդելու ուղիները եւ բացայայտելու նպատակները, որպէսզի ճշդուին փուլերը զսպելու աւազակութիւնը, հանրային դրամի գողութիւնը եւ փտածութիւնը պետական հաստատութիւններուն մէջ:
Ռաատ յայտնեց, որ կառավարութեան ղեկավարը նշանակուած էր մեծամասնութեան կողմէ` կազմելու համար կառավարութիւնը, հետեւաբար կասկած չկայ, որ քաղաքական ուժերուն պահանջները շատ են եւ պէտք է այդ բոլորը կոկել եւ օրինականացնել, որպէսզի կառավարութիւնը զանոնք յանձնէ անձնակազմին, որ իր պատասխանատուութիւնը ստանձնէ յաջորդ փուլին: Խօսելով կառավարութեան կազմութեան արգելքներուն եւ դժուարութիւններուն մասին` Ռաատ նշեց, որ չկայ որեւէ արգելք կառավարութեան կազմութեան դէմ, եւ անիկա պէտք չէ ուշանայ:



