Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Հանրապետութեան հանդիպումի նիստին, որուն ընթացքին զգուշացուց երկրին տնտեսական կացութեան սպառնացող վտանգներէն եւ անոնց ունենալիք քանդիչ հետեւանքներէն:
Սլէյման հաստատեց, որ իսկական բարեկարգումը ուղղակիօրէն կապուած է քաղաքական մեծ համաձայնութեան, որուն հիման վրայ Լիբանանը շրջանային տագնապներէն զանց կը կացուցուի եւ երկրին մէջ բոլոր զէնքերը լիբանանեան պետութեան եւ օրինականութեան գերիշխանութեան տակ կը դրուին` լիբանանեան պետութեան վերադարձնելով իր նախկին փայլքը եւ վերահաստատելով Լիբանանի կշիռն ու դիրքը` իբրեւ տնտեսական եւ զբօսաշրջական հզօր իրավիճակ ունեցող պետութիւն:
Հանրապետութեան հանդիպումը անհրաժեշտ նկատեց գերիշխանական ուժերուն միասնականութիւնը` ապահովել կարենալու համար երկրին ժողովրդավարութիւնն ու բազմազանութիւնը:
Սլէյման զգուշացուց Լիբանանին միացումէն այն առանցքին, որուն դէմ են աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրները:
Ան շեշտեց իսրայէլեան բռնագրաւումին վերջ տալու եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան յանձնառու մնալու կարեւորութիւնը:
 
			


