Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կայ Պայքար, Որպէսզի Ամբողջ Աշխարհը Երուսաղէմը Իբրեւ Իսրայէլի Մայրաքաղաք Չճանչնայ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

June 9, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Երուսաղէմի օր»-ուան առիթով, երէկ երեկոյեան կազմակերպութեամբ Հըզպալլայի, Մարուն Ռասի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ այս օրուան ընթացքին ամբողջ աշխարհը կը զօրակցի Պաղեստինեան դատին` աւելցնելով, որ Երուսաղէմի յատուկ օր ճշդուած ըլլալուն կարեւորութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ Երուսաղէմը կը խորհրդանշէ քրիստոնէական եւ իսլամական արժէքները, որոնք այսօր ճգնաժամի մէջ կը գտնուին, ինչպէս նաեւ այն իրողութիւնը, որ Երուսաղէմը մանաւանդ այս տարի կ՛ենթարկուի մեծ յարձակումներու, որոնց շարքին այն, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարեց:

«Սակայն ամէնէն վտանգաւորը կը մնայ այն, որ դաւադրութիւն մը կը նիւթուի Պաղեստինեան հարցը զգետնելու եւ Երուսաղէմը յանձնելու իսրայէլեան բռնագրաւող գոյացութեան: Այդ պատճառով ալ այս տարուան ձեռնարկը կը կայանայ Մարուն Ռասի մէջ, որ երկու բան կը խորհրդանշէ: Անիկա սահմանամերձ գիւղ է, ամէնէն մօտն է բռնագրաւուած պաղեստինեան հողերուն, ինչպէս նաեւ կը ներկայացնէ յուլիսեան պատերազմի ընթացքին Դիմադրութեան ցուցաբերած քաջութիւնը` ընդդէմ իսրայէլեան ուժերուն», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Երուսաղէմի դիմաց ծառացած  մարտահրաւէրներէն է այն, որ աշխարհը Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաքը չճանչնայ: Կայ պայքար, որպէսզի ամբողջ աշխարհը Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք չճանչնայ, եւ իսլամական ու արաբական երկիրներուն կողմէ նուազագոյն ճիգով կարելի կ՛ըլլայ այդ պայքարը յաջողութեամբ պսակել, այսինքն` արգելք հանդիսանալ, որ աշխարհը Երուսաղէմը ճանչնայ իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք:

Միւս կողմէ, սէյիտ Նասրալլա ակնարկեց նաեւ Իրանի նկատմամբ կարգ մը երկիրներու եւ քաղաքական ուժերու ցուցաբերած դրժողական կեցուածքներուն` հաստատելով, որ Իրան Դիմադրութեան առանցքին հիմնասիւնն է եւ անկարելի պիտի ըլլայ տապալել զայն, «իսկ ով որ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ Իրանի թշնամին, ապա ինքզինք պիտի գտնէ «Իսրայէլ»-ի կողքին», աւելցուց ան:

Սուրիոյ եւ յատկապէս Դիմադրութեան ուժերուն Սուրիա գտնուելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Հըզպալլա Սուրիոյ մէջ իրեն յատուկ ծրագիր մը չունի` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի մարտիկները Սուրիայէն կը հեռանան միայն սուրիական իշխանութիւններուն խնդրանքով:

Նախորդը

Բագրատունի Այցելեց Ապահովական Պատասխանատուներու

Յաջորդը

«Սասնայ Ծռեր»-ու Գործով Ամբաստանեալներ Տիգրան Սարգսեան Եւ Արամ Յակոբեան Ազատ Արձակուեցան

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.