Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթավերջին պիտի մեկնի Սէուտական Արաբիա` ընդառաջելով սէուտական արքունիքի հրաւէրին:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Ռիատի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ` աւելցնելով, որ այդ այցելութիւնը պիտի կատարուի Մուխթարայի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ պատմական յարաբերութիւններու շրջագիծին մէջ:
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ անդրադարձաւ երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտի կողմէ իր հասցէին կատարուած վարկաբեկիչ յայտարարութիւններուն: Ան ըսաւ. «Շնորհակալ եմ Ժամիլ Սէյիտին, որ զիս «ցնդած» կոչեց Մարուան Համատէի մահափորձէն ետք: Կ՛ուզեմ աւելցնել, որ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութենէն ետք տակաւին կը մնամ «ցնդած», ինչպէս նաեւ կը փափաքիմ յիշեցնել, որ ձեր բարեկամը` Պաշշար Ասատ սպաննեց սուրիացի ժողովուրդը»:



