Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժահժահ. «Միայն Ս. Շարպելին Կը Զիջիմ»

Յուլիս 27, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ հիմնուելով երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ, ինք կրնայ հաստատել, որ միայն Ս. Շարպելին կը զիջի: Ան ընդգծեց Լիբանանեան ուժերուն իրաւունքը` կառավարութեան մէջ ստանալու կշիռ ունեցող 5 նախարարութիւն, որոնք ժողովուրդին քուէները դրսեւորող, այլ խօսքով` կամքը արտայայտող արդար իրաւունք կը նկատուին:

Ժահժահ ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիան կառավարութեան կազմութիւնը չի խոչընդոտեր` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան տագնապը ներքին լիբանանեան արգելքներու պատճառով է:

Ան կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին միջամտելու եւ սրբագրելու տիրող կացութիւնը` հաստատելով, որ հանրապետութեան նախագահին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կառավարութենէն ստանալիք բաժինը պէտք է ըլլայ 8 նախարարութիւն եւ ոչ թէ 11:

Ժահժահ նկատել տուաւ, որ կառավարութեան մաս կազմելու գծով անկարելի է ընդունիլ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի առաջարկը, որուն հիման վրայ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը պիտի ներկայացուի միայն 3 նախարարով:

Ժահժահ նշեց, որ նախագահ Աունի իշխանութիւնը լաւագոյնը չէ, հակառակ անոր որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը չի զղջար զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելուն:

Ժահժահ ընդգծեց փտածութեան եւ սխալ տնօրինումի դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ անոնք զուգահեռ ընթացող երկու անհրաժեշտ ուղիներ են:

Սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին գծով ռուսական նախաձեռնութեան նկատմամբ իր զօրակցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժահժահ շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի ռուսական նախաձեռնութեան` աւելցնելով, որ Մոսկուան կարողութիւն ունի անոնց անվտանգ տունդարձը ապահովելու:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ցամաքային Փոխադրութեան Սենտիքաներու Համադաշնակցութիւնը 2 Օգոստոսը Գործադուլի Օր Կը Յայտարարէ

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?