Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Ալի մեծապէս գնահատեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ի գործ դրած ջանքերը` տեղահանուածներու տունդարձին գծով:
Իպրահիմ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն կազմակերպութեամբ այսօր առաւօտեան սուրիացի հարիւրաւոր տեղահանուածներ պիտի վերադառնան իրենց հայրենիքը:



