Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցամաքային Փոխադրութեան Սենտիքաներու Համադաշնակցութիւնը Կատարեց Գործադուլ Եւ Բողոքի Ցոյց

Յուլիս 26, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու ու Հանրութեան փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներու վարորդներու համադաշնակցութիւնները երէկ առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ կատարեցին գործադուլ մը, որուն ընթացքին փակուեցան կարգ մը շրջաններու ճամբաներ` ստեղծելով երթեւեկի ահաւոր խճողում:

Պաալպեքի մէջ ճամբաները փակելու որոշումը չեղեալ նկատուեցաւ` նկատի ունենալով հոն տիրող ապահովական իրավիճակը:

Միւս կողմէ, համադաշնակցութիւնը կատարեց բողոքի ցոյց մը, որ սկսաւ Քաֆաաթէն դէպի Հատի Նասրալլա մայրուղի, Մար Մըխայել եկեղեցի, Թայունէ, Պարպիրի կամուրջ, Պշարա Խուրի, Մըրի աշտարակ, Կեդրոնական դրամատուն, Համրա, Ռաս Պէյրութ եւ ներքին գործոց նախարարութիւն, ուր Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս առաւօտեան ժամը 10:00-ին, արտասանեց իր խօսքը:

Ան համադաշնակցութիւնները հրաւիրեց արտակարգ նիստի մը, որ պիտի գումարուի այսօր` հինգշաբթի, 26 յուլիսի կէսօրին, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կեդրոնին մէջ, ընդհանուր գործադուլին եւ հետագայի մագլցողական քայլերուն մասին յստակ ծրագիր մը որդեգրելու համար:

Թլայս նշեց, որ յառաջիկայ գործադուլն ու մագլցողական քայլերը պիտի որոշուին չորեքշաբթի, 1 օգոստոս 2018-ին:

Ան կոչ ուղղեց համաձայնութեան կնքահայր` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին ճնշում բանեցնելու, որպէսզի լիբանանցի պատասխանատուները կատարեն այն, որուն շուրջ համաձայնած են:

Թլայս խստիւ քննադատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք իրենց խոստումները չեն յարգած:

Միւս կողմէ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու ու Հանրութեան փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներու վարորդներու համադաշնակցութիւններուն պահանջները:

Ֆընիանոս յոյս յայտնեց, որ այդ հարցին լուծում մը կը գտնուի կառավարութեան նիստին ընթացքին:

Այս առումով, Ֆընիանիոս համադաշնակցութիւններէն խնդրեց, իրենց ցոյցերն ու մագլցումները յետաձգել մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւն` աւելցնելով, որ «ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք` ընդառաջելու համար արծարծուած պահանջներուն»:

Նախորդը

Դեսպան Մկրտչեան Այցելեց Միւֆթի Տըրիանի

Յաջորդը

Պաապտայի Մէջ. «Նախագահ Աունի Հետ Տարակարծութիւն Եզրը Գոյութիւն Չունի Ո՛չ Իմ, Ո՛չ Ալ Անոր Բառարանին Մէջ» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?