Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Ուաշինկթընի լիբանանեան դեսպանատան մէջ ներկայ գտնուեցաւ ի պատիւ իրեն կազմակերպուած ընդունելութեան մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ նախապէս Միացեալ Նահանգներու լիբանանեան դեսպանատունը լիբանանցիներ չէ հիւրընկալած, որովհետեւ անոնք Լիբանանի անկախութիւնը պահանջած են:
«Այժմ սակայն դեսպանատունը հիւրընկալած է մեզի` նկատի ունենալով, որ Լիբանան անկախ որոշումներ տալու իր կարգավիճակը վերագտած է», ըսաւ ան:
Պասիլ դրուատեց Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Կապի Իսայի դերակատարութիւնը` հայրենիքին համար զոհուելու եւ հայրենիքը պաշտպանելու իմաստով, ինչպէս նաեւ շնորհաւորած է զայն դեսպանատունը վերածելու ժողովրդային դեսպանատան, ուր բոլոր լիբանանցիները հաւասար են եւ կը կրեն Լիբանանի պատգամը:
Պասիլ շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանատան զինուորական կցորդներուն, որոնք ճիգ չեն խնայեր լիբանանեան բանակին զինուորական օժանդակութիւն ապահովելու իմաստով:
«Հայրենիքին բարօրութեան նպատակով գործող քաղաքացիներուն համար անկարելի բան չկայ», յայտնեց Պասիլ` կոչ ուղղելով արտերկրի լիբանանցիներուն վերստանալու լիբանանեան քաղաքացիութիւնը:
Ան գնահատեց արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը` շեշտելով յաջորդին աւելի մեծ համեմատութեամբ այդ ընտրութիւններուն մասնակցելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ Լիբանան իրենցմով է, որ կը գոյատեւէ:
Իր կարգին, Իսա ողջունեց Պասիլը եւ դրուատեց արտերկրի լիբանանցիներուն նկատմամբ անոր ցուցաբերած հոգատարութիւնը, ինչպէս նաեւ արտերկրի լիբանանցիները լիբանանեան հայրենիքին հետ կապելու գծով անոր ի գործ դրած ջանքերը:
Իսա մեծապէս գնահատեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութեան դրութիւնը` աւելցնելով, որ արտերկրի լիբանանցիները պէտք է մօտէն հետեւին այդ հոլովոյթին, որպէսզի յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող շուրջ երկու միլիոն լիբանանցիներ կարենան իրենց մասնակցութիւնը բերել: