ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին գծով շօշափելի զարգացումներ չկան, բացի դրական մթնոլորտէն, եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի այն յայտարարութենէն, թէ կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ է:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածները կը փափաքին տուն դառնալ եւ միջազգային ընտանիքը պէտք է այս իմաստով իր դերակատարութիւնը ունենայ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց բոլորին զօրակցելու Սուէյտայի բնակչութեան` մէկդի դնելով քաղաքական ամէն տարակարծութիւն եւ գերզգայնութիւն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը զարգացում արձանագրած, է եւ հարցերը կ՛ուղղուին դէպի լուծում:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Սելիմ Խուրի յայտնեց, որ համախմբումն ու Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կառչած կը մնան Սուրիոյ հետ գործակցութեան` իրականացնելու համար սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Թարեք Մերեհպի յայտնեց, որ իրենք կառչած կը մնան Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին գործունէութեան եւ կը մերժեն անկէ հրաժարիլ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա կոչ ուղղեց, որ կառավարութեան նոր կազմով դրսեւորուին երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին իմաստով լաւատեսութիւնը սկսած է գերակշռել յոռետեսութեան: Ան հաստատեց, որ մարոնի համայնքին վերաբերող թնճուկները հանգուցալուծուած են:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող ներկայ իրադարձութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները վերահաստատելու աշխատանքը պէտք է ըլլայ լիբանանեան պետութեան առաջնահերթութիւնը:
ԻՐԱՒԱԲԱՆ եւ քաղաքական մեկնաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել բարձր գնահատեց Պեքաայի մէջ լիբանանեան բանակին գործադրած ապահովական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ նշեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ է` աւելցնելով, որ քաղաքական բոլոր ուժերէն պահանջուած է զիջումներ կատարել:
ԱՄԱԼ շարժումը դատապարտեց ահաբեկչական յարձակումները, որոնք թիրախ դարձուցին Սուէյտան:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով լաւատեղեակ աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուած կառավարական կազմը կը ներառէ Լիբանանեան ուժերու 4 նախարարներ եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան 3 նախարարներ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Պաապտայի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն մօտիկ ապագային պիտի կատարէ դրական ցնցում մը, որուն հիման վրայ պիտի լուծուին կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտները:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի վաղը դարձեալ պիտի այցելէ նախագահական պալատ` ներկայացնելու համար կառավարութեան գրեթէ վերջնական կազմը, որ 30 նախարարէ բաղկացած պիտի ըլլայ: Կը նախատեսուի, որ այդ կազմին շուրջ համախոհութիւն գոյանայ, եւ կառավարութիւնը մինչեւ 1 օգոստոս կազմուած ըլլայ: