Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի «Մըքքենզի» Ընկերութեան Հետ Քննարկեց «Սետր»-ի Խորհրդաժողովը Ամբողջացնող Ծրագիր Մը

July 28, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց «Մըքքենզի» ընկերութեան մէկ պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրիի, նախկին նախարար Պասեմ Սապաայի, Տնտեսական շրջանի նախագահ Ռայա Հասանի, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի խորհրդական Միրէյ Աուն-Հաշեմի, նախկին երեսփոխան Ղազի Եուսեֆի, Սեփականաշնորհման խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Զիատ Հայեքի, ինչպէս նաեւ խորհրդականներ Նատիմ Մունլայի, Ֆատի Ասալիի, Նեպիլ Եամմութի, Մազեն Սուէյտի եւ Եասմինա Ռուֆայելի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ «Մըքքենզի» ընկերութեան պատրաստած ծրագիրը, որ կը վերաբերի լիբանանեան արդիւնաբերութեան զարգացման:

Հանդիպումէն ետք Խուրի յայտնեց, որ վարչապետին հետ քննարկումները եղած են դրական, յատկապէս նկատի ունենալով, որ «Մըքքենզի»-ի պատրաստ ծրագիրը «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովը կ՛ամբողջացնէ: «Բայց եւ այնպէս դրական արդիւնքներու չենք կրնար յանգիլ` առանց ներդրումներու ճամբով երկրին տնտեսութեան աշխուժացման չնպաստելու», ընդգծեց Խուրի:

Խուրի յայտնեց, որ յաջորդ փուլը կ՛ենթադրէ Մըքքենզիի մշակած ծրագիրը ներկայացնել յաջորդ կառավարութեան, որպէսզի իր համաձայնութիւնը շնորհէ այդ ծրագիրին` նկատի ունենալով անոր վայելած քաղաքական համախոհութիւնը:

«Կառավարութենէն ստանալիք վաւերացումէն ետք Լիբանան պիտի ունենայ տնտեսական իր ուղեգիծը», հաստատեց Խուրի:

 

Նախորդը

Ապպաս Իպրահիմ Սուրիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Տեղահանուածներու Տունդարձին Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Պըրրի Կը Վերահաստատէ Կառավարութեան Կազմութեան Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.