. ԼԻԲԱՆԱՆԻ հարցով սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանը երէկ կէսօրին այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժ մը երէկ առաւօտեան դէպի Շեպաա գիւղին մերձակայքը գտնուող Քաթեհ շրջան յառաջանալով տուն մը ներխուժեց եւ գիւղի բնակիչ Համտան ընտանիքէն երկու եղբայրներ առեւանգելով հեռացաւ շրջանէն: Իսրայէլեան ուժը հեռանալէ առաջ խուզարկեց անոնց տունը:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Սէուտցի պատուիրակ Պըն Ֆարհանը, որուն այցելութիւնը մինչեւ վաղը կը տեւէ, հանրապետութեան նախագահին ու իր հանդիպած պաշտօնատարներուն հետ քննարկեց լիբանանեան կացութեան զարգացումները` բանակցութիւններու ընթացքէն մինչեւ հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կացութիւն»:
. ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն բանբեր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Եռակողմ շրջագիծը Իսրայէլի հարաւային Լիբանանէն հեռացման երաշխաւորման եւ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղ ու բարի դրացիական յարաբերութիւններու հաստատման յստակ ուղի մը կը տրամադրէ»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Հատաս»-ին. «Եւրոպական ու Ծոցի երկիրներու դերակատարութիւն մը մինչեւ հիմա յաջողեցաւ Ուաշինկթընը համոզել լիբանանեան բանակը առանց հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային ուժի չձգելու»:
. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Մինչեւ այս պահս ՖԻՆԻՒԼ-ի այլընտրանքը եղող ուժերուն վերաբերեալ ամերիկացիներու եւ եւրոպացիներու միացեալ մօտեցում չկայ»:
. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Մինչ Եւրոպան ՖԻՆԻՒԼ-ի լիազօրութեան երկարաձգումը կամ ֆրանսական եւ իտալական ուժերուն որեւէ նոր ուժի մը ողնասիւնը ըլլալը կ՛ողջունէ, Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը այդպիսի առաջարկները կը մերժեն»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Ամերիկեան վարչակազմը կը սերտէ ստեղծումը բազմազգեան դիտորդական մեքանիզմի մը, որ կրնայ Սինայի թերակղզիին մէջ տեղակայուած «Էմ.Էֆ.Օ.»-ին (զինուորական ուժ եւ դէտեր, «Ա.») նման ըլլալ: Այս ձեւաչափը կ՛ենթադրէ ներկայութիւնը միջազգային ուժի մը, որ կը ստանձնէ, խաղաղապահութեան աւանդական գործողութիւններէն դուրս, ապահովական դասաւորումներու հսկողութիւնն ու անոնց նկատմամբ յանձնառութեան ստուգումը»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Լիբանանեան աղբիւրներ բացառեցին, թէ «Էմ.Էֆ.Օ.» բնորդը Լիբանանի մէջ կիրարկելի է` մեկնելով լիբանանեան եւ եգիպտական պարագաներու քաղաքական եւ իրաւական պայմաններու տարբերութենէն»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Իշխանութեան երեք պետերը համաձայն են թիւ 1701 որոշումին կառչելու անհրաժեշտութեան` հաշուի առնելով, որ շրջագծային համաձայնագիրը յստակ կերպով բռնագրաւուած տարածքներէն Իսրայէլի հեռացումը չի նախատեսեր»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Պաապտայի պալատին ու Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան հարցին մէջ բնաւ յառաջընթաց չկայ, եւ կուսակցութեան` կառավարութեան 2 մարտի իր որոշումէն ետդարձ կատարելու վերաբերեալ նախապայմանը տակաւին ուժի մէջ է»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Նախագահ Աունը իր վերջին դիրքորոշումներուն մէջ կը կեդրոնանայ զէնքի հարցին մէջ միայն զինուորական լուծումներուն բաւարար չըլլալուն վրայ»:
. ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն բանբեր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական ու ապահովական խնդիրները ունին հասարակաց մէկ ազդակ մը` Իրանի աջակցութիւնը վայելող ահաբեկչական միլիսի մը գոյութեան շարունակումը»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Հըզպալլայի կարծիքով` Պշարրէի մէջ ձերբակալուածներուն մեղաւորութիւնը չէ ապացուցուած որեւէ մեղադրանքով, որ պիտի արդարացնէր անոնց կալանաւորման շարունակումը, եւ որ բջիջային հեռախօսներ չունենալը ինքնին օրէնքով պատժելի յանցագործութիւն չի նկատուիր»:
. «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթ. «Վերջին քանի մը օրուան ընթացքին նկատուեցաւ, որ կարգ մը քաղաքական ուժեր եւ շարք մը երեսփոխաններ ու պաշտօնատարներ խիստ քայլեր որդեգրած են` ապահովական կացութեան ցնցուելէն եւ անոնցմէ ոմանց բարեկամներէն ստացած յորդորներէն ետք, թէ անհրաժեշտ է ներկայ փուլին իրենց տեղաշարժերուն մէջ աւելի զգուշ ըլլալ»:
. «ԼԻՈՒԱ» օրաթերթ. «Կալանաւորուած փաստաբան «Աս»-ի գործին մէջ քաղաքական ու դիւանագիտական անձնաւորութիւններու անունները շատցան, եւ լուրեր կը շրջանառուին, թէ անոնցմէ ոմանք, ներառեալ նախկին դեսպաններ եւ ընդհանուր տնօրէններ, ներգրաւուած են անձնական յարաբերութիւններէ դուրս գտնուող հարցերու մէջ»:
. «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթ. «Աման» ծրագիրէն օգտուողներու ցուցակի ստուգումէն ետք ի յայտ եկաւ, թէ քաղաքական մեծ հեղինակութեան մը հետեւորդ կուսակցական պատասխանատու մը օգտուողներու ցուցակին վրայ ներառած է իր ընտանիքի մեծաթիւ անդամներ ու ազգականներ»:
. ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ փոխադրամիջոցներու միութիւններն ու սենտիքաները չորեքշաբթի, 25 նոյեմբերին գործադուլ ու մագլցում յայտարարեցին:
. ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ միութիւնը չորեքշաբթի օր դրամատուներու կողմէ զգուշացման գործադուլ յայտարարեց` ի նշան դրամատուներուն դէմ ձեռնարկուած կամայական ելեւմտական քայլերու դէմ բողոքի:


