Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայիատ յայտնեց. «Վերջին ամիսներու ընթացքին Իսրայէլի կողմէ շարունակուող բռնագրաւումի հետեւանքը` յաջորդական փուլերու լոյսին տակ անարդիւնք բանակցութիւններուն, որոնք ապարդիւն ըլլալէ զատ Իսրայէլի կողմէ կը շահագործուէին իր գործելակերպն ու բռնագրաւումը թաքցնելու համար, Լիբանանի իշխանութիւններուն կը ստիպէ շրջագծային համաձայնութենէն դուրս գալ` զայն փրկելու աշխատանք թափելու եւ անոր լիբանանեան կառավարութեան խնդրանքով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ ՄԱԿ-եան բնոյթ տալու փոխարէն, ինչպէս նաեւ գործնականին մէջ հրաժարելով միջազգային թիւ 1701 որոշումէն, որուն պէտք է կառչիլ, ինչպէս նաեւ 27 նոյեմբեր 2024-ի զինադադարի համաձայնագիրէն, որ կը սահմանէ անոր իրականացման մեքանիզմը եւ Իսրայէլի մեր հողերէն դուրս գալու ժամանակացոյց մը կը պարտադրէ»:
«Ծանօթ է, որ Միացեալ Նահանգները կը վերահսկեն միջազգային հաստատութիւնները, սակայն ատիկա չ՛արդարացներ լիբանանեան իշխանութիւնը վերահսկելը, այս իշխանութեան Ամերիկայի ենթակայ ըլլալն ու շրջագծային համաձայնագիրը իբրեւ լիբանանեան շահ որակելով զայն միջազգայնօրէն օրինականացնելը, երբ անիկա բացարձակապէս այդպէս չէ», նշեց երեսփոխանը:
«Այս համաձայնութիւնը արմատական կերպով կը տապալէ լիբանանեան շահերը, կը հակասէ Թաէֆի համաձայնագիրին, որ սիոնական թշնամիին հետ քայլերուն համար լիբանանեան դիրքորոշման իբրեւ նշաձող ճշդեց 1949 թուականի զինադադարը, ինչպէս նաեւ կը հակասէ սահմանադրութեան նախաբանին, որ քաղաքացիական խաղաղութեան պաշտպանութեան նպատակով համակեցութիւնը վերածեց իշխանութեան օրինականութեան պայմանի մը եւ լիբանանեան պետութեան գոյութենական բաղկացուցիչ մասի», ըսաւ Ֆայիատ:
«Յոյս ունէինք, որ լիբանանեան այս իշխանութիւնը վերատեսութեան պիտի ենթարկէ իր ձախողած փորձառութիւնը եւ պիտի որդեգրէ նոր մօտեցում, որ պիտի վերաձեւակերպէ լիբանանեան ազգային դիրքորոշումը, որ բռնագրաւումին դիմակայելն ու ազատագրումը կը համատեղէ` օգտուելով լիբանանցիներուն մօտ գտնուող ուժի բոլոր տարրերէն, ինչպէս նաեւ պիտի համատեղէ ներքին կայունութեան պաշտպանութիւնն ու լիբանանցիներուն միասնականութեան վերակառուցումը, որպէսզի այս իշխանութեան վիճակը չըլլայ ծովու ջուր խմողին նման, որ ամէն անգամ, որ ումպ մը կ՛առնէ, աւելի կը ծարաւնայ, եւ ամէն անգամ, որ զիջում մը կը կատարէ, աւելի կարիք կ՛ունենայ կատարելու այլ զիջումներ, որոնք չեն աւարտիր», նշեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխանը:


