Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց իրաւաբան Իպրահիմ Ալֆրետ Թրապուլսին եւ անոր հետ անդրադարձաւ անձնական կարգավիճակի ու քաղաքացիական ամուսնութեան հարցերուն, ինչպէս նաեւ տարբեր համայնքներու կրօնական իւրայատկութիւններն ու սահմանադրական իրաւունքները յարգելու անհրաժեշտութեան` Լիբանանին բնորոշ բազմակարծութիւնը պահպանելու եւ համակեցութեան հիմերը պաշտպանելու համար:
Պատրիարքը մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի անցած նուրբ փուլին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ ապահովական կացութեան ապագայ իրավիճակին առնչուած մարտահրաւէրներուն նկատմամբ, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանեան բանակին ու այդտեղ գործող միջազգային ուժերու դերին վերաբերեալ:
Քննարկումը նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի չէզոքութեան նիւթին: Թրապուլսի պատրիարքին ներկայացուց այս ոլորտին մէջ պատրաստուած ուսումնասիրութիւններն ու հետազօտութիւնները` ընդգծելով չէզոքութիւնը իբրեւ Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու կայունութիւնը պաշտպանելու եւ զայն շրջանի հակամարտութիւններէն հեռու պահելու մօտեցում ընդունելու կարեւորութիւնը:


