Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան երէկ ուրբաթ օրուան նամազի ընթացքին յայտնեց. «Կասկած չունիմ, թէ չափազանց կարեւոր պատմական պահու մը մէջ կ՛ապրինք, մանաւանդ որ Միջին Արեւելքի վերաբերեալ Ուաշինկթընի տասնամեակներէ ի վեր կիրարկած ծրագիրը Միացեալ Նահանգներու յոռեգոյն պատմական ձախողութեան, իմա՛ պատմական պարտութեան աւարտին եզրին է: Պահը միջինարեւելեան կշիռի կեդրոնին է` Թուրքիոյ, Փաքիստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ, ինչպէս նաեւ Իրանի մեծ կեդրոնին, որովհետեւ այն, ինչ որ Թեհրանը այս առումով կատարեց, կարելի է ամբողջ դար մը չկրկնուող «իւրայատուկ առիթ» որակել:
«Չենք չափազանցեր, եթէ այսօր ըսենք, թէ Ուաշինկթընն ու Թել Աւիւը իրենց պատմական յոռեգոյն պահը կ՛ապրին, մինչ աշխարհը կը փոխուի իրանեան ռազմավարական յաղթանակին ազդեցութեան տակ, եւ Սէուտական Արաբիոյ, Փաքիստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն Թեհրանի մէջ ժողովի օրուան նկարը, որ աշխարհը տեսաւ, կրնայ ամփոփել շրջանային նոր համակարգը»:
«Այս երկրի գործադիր իշխանութեան կոչ կ՛ուղղեմ հասկնալու, թէ լուծումը Լիբանանի մէջ է եւ ոչ թէ ամօթալի բանակցութիւններուն մէջ: Իսլամապատի ուղին ազգային ու գերիշխանական պահանջ է, առանց որուն գործադիր իշխանութիւնը կը կորսնցնէ իր ազգային ծածկոյթն ու գերիշխանական կարողութիւնը», ըսաւ միւֆթի Քապալան:
«Լուծումը այսօր, վաղը կամ միւս օրը միայն պիտի ըլլայ ազգային կարողութիւններով, որ կը միաւորէ Դիմադրութիւնը, բանակը, համակեցութիւնն ու Ազգային ուխտի ձեւաչափը գերիշխանական ու Ազգային դիմակայութեան դիւցազներգութեան ծիրին մէջ:
«Այս երկրին համար ոչինչ աւելի կարեւոր է, քան համախոհութիւնը, միասնութիւնը, համերաշխութիւնը, գործընկերութիւնն ու երկխօսութիւնը: Ով որ կը պնդէ միակողմանիօրէն գործելու վրայ, միայն ինքզինք ձախողութեան ու պարտութեան կը դատապարտէ: Ինչ կը վերաբերի մեզի, մենք պիտի չընդունինք որեւէ գործարք, որ Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու շահերը կը խաթարէ», նշեց շէյխ Քապալան:


