. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց` իրենց տուներուն, հաստատութիւններուն, ընկերութիւններուն եւ դպրոցներուն վրայ, մասնաւորաբար 20 նոյեմբերէն մինչեւ 22 նոյեմբեր` Անկախութեան տօն, լիբանանեան դրօշ բարձրացնելու:
. ՀԻՊԱ Նասր. «Կը նախատեսուի, որ ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը երկուշաբթի եւ երեքշաբթի օր այցելէ Լիբանան, ուր հանդիպում պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի, վարչապետ Նաուաֆ Սալամի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը իր հետ Պէյրութ պիտի բերէ շարք մը հարցումներ, եւ պետութենէն կը յուսայ հարաւային Լիբանանի մէջ բանակի իշխանութիւնը ամրապնդող նոր դասաւորումներու անցնելու պատրաստակամութեան մասին վճռական պատասխաններ ստանալ»:
. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանեան թղթածրարը Ուաշինկթընի մէջ սառեցուելու եզրին է, եթէ Պէյրութ զինաթափման եւ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու վերաբերեալ իր դիրքորոշումը չվճռէ եւ առանց յաւելեալ ուշացման գործադրութեան չսկսի»:
. ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Վարչապետ Սալամ աշխուժ հաղորդակցութիւններ կ՛ունենայ ՖԻՆԻՒԼ-ի հեռացումէն ետք հարաւային Լիբանանի մէջ կացութեան վերաբերեալ պատկերացում պատրաստելու համար, որովհետեւ կը գիտակցի հարաւային Լիբանանին սպասող վտանգներու ծաւալին: Ան այս հարցին գծով երկարատեւ քննարկում ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Կութիերեսի հետ»:
. ՀԻՊԱ Նասր. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը կը սերտէ ստեղծումը Եգիպտոսի մէջ տեղակայուած Բազմազգեան եւ դիտորդական ուժին (Էմ.Էֆ.Օ.) նման մեքանիզմի մը` իբրեւ ՖԻՆԻՒԼ-էն ետք փուլի հաւանական դասաւորում` հսկելու համար Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ եռակողմ համաձայնութեան գործադրումին:
«Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ, որ այս հարցին մօտէն կը հետեւի, քանի մը օր առաջ հսկողութեան քաղաքային ուժի ստեղծման կարելիութիւնը առաջարկեց»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Շարք Պլումպըրկ»-ին. «Ուաշինկթըն Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ շրջագծային համաձայնութեան հսկողութեան որոշակի մեքանիզմ մը կ՛ուսումնասիրէ: Լիբանանի մէջ շրջագծային համաձայնութեան հսկողութեան մեքանիզմը Բազմազգեան եւ դիտորդական ուժին (Էմ.Էֆ.Օ.) նման է»:
. ՀԻՊԱ Նասր. «Միացեալ Նահանգներ իրենց եւրոպացի գործընկերներուն, մասնաւորաբար Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ հետ ՖԻՆԻՒԼ-ը փոխարինող քաղաքային դիտորդական ուժ ստեղծելու շուրջ բանակցութիւններ կը վարեն»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Շարք Պլումպըրկ»-ին. «Ամերիկեան վարչակազմը եւրոպացիներուն հետ հարաւային Լիբանանի մէջ առաջարկուած դասաւորումներուն շուրջ խորհրդակցութիւններ կ՛ունենայ»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Եւրոպական Միութեան կարգ մը երկիրներու գնահատումով, Իսրայէլ կրնայ իր զինուորական գործողութիւններուն վերսկսիլ եւ անոնց ծիրը ընդլայնելով ներառել Սուրն ու Սայտան` հասնելով մինչեւ Նահր Աուալի գետէն հիւսիս գտնուող շրջաններ»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Թուրքիոյ նախագահը հանրապետութեան նախագահին քաջալերեց Իրանի հետ հաղորդակցութեան ուղի բանալու` առաջարկելով թրքական օգնութիւն այս հաղորդակցութիւնը դիւրացնելու համար, եթէ զայն անմիջականօրէն իրականացնելը կարելի չըլլայ»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Թրքական կողմը սէուտցիներուն կոչ ուղղեց` իրենց լիբանանցի դաշնակիցները, մասնաւորաբար որոշ քրիստոնէական ուժերը խրախուսելու, մեղմացնելու միւս կողմին նկատմամբ իրենց հռետորաբանութիւնը»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Իրավիճակին հետեւող աղբիւրներ հարց կու տան, թէ ի՞նչ էին այն պատճառները, որոնք խանգարած են Թուրքիոյ նախագահի որդիին` Պիլալ Էրտողանին այցելելու հարաւային Լիբանան եւ այնտեղի որոշ գիւղեր ստուգելու, մանաւանդ որ Թուրքիոյ դիրքորոշումները կը համապատասխանեն շրջանային «Դիմադրութեան գիծ»-ին: Անոնք հարց կու տան, թէ ան ինչո՞ւ իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ Հիւսիսի եւ Աքքարի շրջանին վրայ»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Դիւանագիտական տուեալներ ի յայտ կը բերեն, թէ Հըզպալլան իր իրանեան կապերուն ճամբով կը հետեւի բանակցութիւններուն ընթացքին, հակառակ այդ առնչութեամբ պաշտօնական զեկուցում չստանալուն, եւ առանց որ Թեհրանը իր բոլոր խաղաքարտերը բացայայտէ կամ բանակցութեան մեքանիզմին վերաբերեալ յստակ երաշխիքներ տայ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Արապիա»-ին. «Դատախազը իրաքցի նախկին երեսփոխան Ալուանիի դիակը յանձնելէ առաջ բժշկական քայլերու ամբողջացումը պահանջեց»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 54000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.391.000 լ.ո.-ի եւ 2.409.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 35000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.524.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.640.000 լ.ո.:


