Նախկին երեսփոխան Ալֆրետ Ռիաշի Թուրքիոյ նախագահի որդիին` Պիլալ Էրտողանի լիբանանցի պաշտօնատարներուն կատարած շրջագայութեան մասին հարց տուաւ. «Ի՞նչ հիմամբ անոր կ՛արտօնուի լիբանանեան հողերուն վրայ ժողովրդային փառատօներ եւ ձեռնարկներ կազմակերպել ու անոնց մասնակցիլ»:
«Այս հարցականները յստակ պաշտօնական բացատրութիւններ կը պահանջեն` մեկնելով լիբանանեան գերիշխանութեան յարգման անհրաժեշտութեան ու պետութիւններու միջեւ փոխադարձութեան սկզբունքէն` հեռու մնալով արժեչափերու գործադրութեան որեւէ կամայականութենէ», ըսաւ ան:
Ռիաշի այս առումով յաւելեալ հարցում մը ուղղեց. «Արդեօք, օրինակ, Լիբանանի նախագահի որդիին` Խալիլ Աունի Թուրքիա այցելութեան պարագային պիտի արտօնուէ՞ր թուրք պաշտօնատարներուն նոյնպիսի այցելութիւններ տալ, կամ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ ընդունելութեան պիտի արժանանա՞ր ան: Անոր պիտի արտօնուէ՞ր թրքական հողերուն վրայ փառատօներ եւ ձեռնարկներ կազմակերպել կամ անոնց մասնակցիլ»:
«Այս հարցումները անձերու կամ քաղաքացիութիւններու առնչուած չեն, այլ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ հիմնական սկզբունքի մը, որ փոխադարձ յարգանքը, իրերահաւասարութիւնն ու պետութիւններու գերիշխանութիւններուն պահպանումն է», եզրափակեց Ռիաշի` լիբանանեան շահագրգիռ կողմերուն կոչ ուղղելով իրողութիւններուն եւ իրաւական ու դիւանագիտական արդարացումներուն վրայ հիմնուած բացատրութիւններ տալու` առ ի պահպանում այն ինչին, որ մնացած է լիբանանեան գերիշխանութենէն, եւ ամրապնդելու այն սկզբունքը, թէ Լիբանանը գերիշխան պետութիւն է, եւ կարելի չէ անոր հետ երկակի չափանիշերով վարուիլ:


