Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հինգշաբթի երեկոյեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ նախագահի որդին` Պիլալ Էրտողանն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Մուրաթ Լիւթեմի:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ ընդհանուր կացութիւններուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն ու զանոնք ամրապնդելու կարելիութիւններուն:
Էրտողան նաեւ այցելեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի: Հանդիպումին ներկայ էին թրքական «Եունուս Էմրէ» հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Սելիմ Արկիւնը, Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքէն Ուաէլ Ապու Ֆաուրն ու Ֆայսալ Սայեղը, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան փոխնախագահ Զահեր Ռաատը եւ առողջապահութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ուիամ Ապու Համտանը:
Էրտողան հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Ժոմպլաթին շնորհակալութիւն յայտնած է լիբանանեան ընկերութեան իր բերած նպաստին համար, եւ անոր փոխանցած իր հօր ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները:
Ժոմպլաթ իր կարգին յայտնեց. «Թուրքիան ու նախագահ Էրտողանը կը զօրակցին Լիբանանի կայունութեան, գերիշխանութեան եւ անկախութեան: Մեկնելով այս զօրակցութենէն` կը փափաքինք երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական, մշակութային ու տնտեսական փոխանակումները զարգացնել, եւ պէտք է գիտակցինք շրջանին մէջ երկխօսութեան ու կայունութեան ամրապնդման մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան կարեւորութեան»:
Պիլալ Էրտողան Պէյրութի «Լը Կրէյ» պանդոկին մէջ մասնակցեցաւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամեր Պսաթի հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ, եւ Աջակցութեան ու զարգացման համար գործարարներու միութեան` ԻՐԱՏԷ-ի հրաւէրով «Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ռազմավարական ղեկավարութեան երկխօսութիւնը» խորագիրով կլոր սեղանի մը:
Հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Լորա Լահուտը, աշխատանքի նախարար Մոհամետ Հայտարը, երեսփոխան Իպրահիմ Մնէյմնէն եւ շարք մը քաղաքական, դիւանագիտական եւ մամլոյ անձնաւորութիւններ:
Էրտողանի որդին երէկ ուղղուեցաւ հիւսիսային Լիբանան: Ան Թրիփոլիի Մանսուրի մզկիթի սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մոհամետ Իմամի եւ քաղաքի շարք մը երեսփոխաններու եւ ականաւոր գործիչներու հետ, ապա մզկիթին մէջ նամազին մասնակցեցաւ: Ան Թրիփոլիի մէջ արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան:
Էրտողան այս առիթով խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Կարիքը ունինք, որ Լիբանան ներքնապէս միասնական ըլլայ, եւ Թուրքիան Լիբանանին քոյր մը ըլլայ, Սուրիան Լիբանանին քոյր մը ըլլայ, եւ Թուրքիան եւ Սուրիան քոյրեր ըլլան»:
«Թուրքիան երբեք պիտի չարտօնէ, որ Լիբանանը առանց թիկունքի կամ լուծումի մնայ», յայտարարեց Էրտողանի որդին:
«Արժանապատուութիւն» հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց. «Պիլալ Էրտողանի եւ բոլոր հիւրերու հիւրընկալումը բացառապէս լիբանանեան պետութեան ու անոր հաստատութիւններուն ճամբով է»:
«Այցելուներու պաշտօնական խողովակներու ճամբով վերադառնալը բացակայութեան ժամանակաշրջաններէ ետք պետութեան Թրիփոլիի մէջ ներկայութեան վերականգնման ապացոյց է», ըսաւ ան` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է, որ պետութիւնը մնայ բոլոր լիբանանցիները «միաւորող երթիքը, եւ օրինականութիւնը ըլլայ անոնց միջեւ միակ իրաւարարը, որպէսզի Լիբանանը մնայ իր բոլոր զաւակներուն համար վերջնական ու արաբական պետութիւն մը»:
Քարամէ բարձր գնահատեց «սիոնական գաղափարի եւ շրջանին մէջ անոր տարածուելուն դիմակայման մէջ թրքական դերակատարութիւնը»` կոչ ուղղելով այս երկխօսութիւնը ամրապնդելու արաբական պետութիւններու եւ Ծոցի արաբական պետութիւններուն, նախ եւ առաջ Սէուտական Արաբիոյ հետ սերտ գործակցութեան ճամբով:
«Թուրք-արաբական այս համախմբումը շրջանային կայունութեան հաստատման եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանին Միջին Արեւելքը «Նոր Եւրոպա» դարձնելու տեսլականի իրականացման միակ ուղին է», յայտնեց Քարամէ:
«Այս ձգտումը կ՛իրագործուի միայն կայունութեամբ, որ ուժ կը պահանջէ, եւ այդ ուժը միայն արաբներուն ու իսլամներուն միջեւ միասնականութեամբ կը կառուցուի», նշեց երեսփոխանը:


